- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Երէկ Սեպտեմբեր 12ին, ժամը 16:45ին, ատրպէյճանական բանակի յառաջապահ դիրքերուն կողմէ արձակուած փամփուշտներով՝ վիրաւորուեցաւ 1992ի ծնունդ՝ Վահէ Ներսեսի Մանուկեանը: Քննութիւն կը տարուի միջադէպին առիթով:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին յառաջիկային տարածաշրջանային այցելութիւն մը պիտի կատարէ Հարաւային Կովկաս։ Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Վրաստանի դեսպան Մամուկա Կուդաւա։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին համար Ճոն Հեֆըրնի նշանակման հարցերով քուէարկութիւնները Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ տեղի պիտի ունենան այսօր:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Երէկ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է հերթական տարեկան Ս. պատարագը:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ պատարագը սկսած է զանգերու ղօղանջով, որ հնչած է հոգեւորականներէն մէկուն բջիջային հեռաձայնէն:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւր մը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու որոշմամբ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ իւրայատուկ կարգի յաջորդականութեան մը ծիրին մէջ գլխաւոր միջնորդի դերակատարութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի տեղ կրնայ փոխանցուիլ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի։