Ամիսներու նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, երէկ, Ծաղկաձորի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 10րդ Ընդհանուր ժողովը, մասնակցութեամբ միութեան 16 Շրջանային եւ Մեկուսի Շրջաններու շուրջ 100 պատգամաւորներու։

Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղը կը ներկայացնէ քոյր Մարլէն Տաքէսեանը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի կազմակերպող մարմինին նիստը, զոր վարեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:

«Հրայր Մարուխեան» հիմնարկը վերջերս Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացած է դրամական պարգեւ մը՝ պատրաստելու համար Հայաստանի մէջ կիներուն դիմագրաւած խնդիրները, մարտահրաւէրներն ու ձեռքբերումները ներկայացնող վեց մասերէ բաղկացած պատկերասփիւռի յայտագիր մը, որ աշնան պիտի սփռուի «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանէն: «Կիներ Հայաստանի մէջ» պատկերասփիւռի յայտագիրը 6.5 ժամ տեւողութեամբ է:

Հայաստանը Օգոստոս 31-ին պաշտօնապէս ճանչցաւ  Լիպիայի ապստամբներու ձեւաւորած Անցումային ազգային խորհուրդը: Այդ մասին յայտարարութեամբ  հանդէս եկաւ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Տիգրան Բալայեանը:

Լեռնային  Ղարաբաղի  հանրապետութիւնը  նշեց  իր  անկախութեան  20-ամեակը

Անցնող շաբաթավերջին իրենց աւարտին հասան ԼՂՀի եւ ՀՀի մէջ Արցախի անկախութեան 20ամեակի տօնակատարութիւնները, նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ: