Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա ատրպեճանական «Զերքալօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին համար առաջնահերթութիւն է։ «Նուազ կարեւոր չէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Այս խնդիրը կարեւոր է մեր կառավարութեան համար եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթ դիրքերու վրայ է։ Գիտեմ, որ այս կարծիքը կը կիսեն նախագահ Պարաք Օպաման եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը», ըսած է ան։

Պրայզա յիշեցուցած է, որ Օպամա նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ շեշտած էր, որ կողմերը պէտք է համարձակ քայլերու ձեռնարկեն՝ բանակցութիւններու միջոցով խնդիրի կարգաւորման համար:
«Նախագահը շեշտած էր, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ունակ չեն ինքնուրոյն աւարտին հասցնելու կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցումը, այդ պատճառով ալ խնդիրը կը մնայ ոչ կառուցողական եւ վտանգաւոր իրավիճակի մէջ։  Ան նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնած էր զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճի կապակցութեամբ։ Մինսկի խմբակը կողմերուն օգնած է պատրաստելու բանակցութիւններու միջոցով հետագայ արդարացի որոշումներու կայացման համար հիմնարար սկզբունքներու հիմնական դրոյթները։ Կը կարծեմ, որ հակամարտութեան կարգաւորումը կողմերէն փոխ զիջումներ պիտի պահանջէ», յայտնած է դեսպանը։
Ըստ անոր, մատրիտեան թղթածրարը հիմնարար է եւ կը ներառէ անհրաժեշտ բոլոր հիմնարար սկզբունքները, որոնք  պիտի նպաստեն ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ ուժի չկիրարկում, տարածքային ամբողջականութիւն  եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ինքնորոշման իրաւունք։
«Հակամարտութիւնը լուծելու համար արդէն երկար տարիներ ջանքեր կը տարուին, սակայն այսօր ոչ մէկ դրական արդիւնք կայ։ Կողմերը իրարու չեն վստահիր, զիջումներ չեն կատարեր, ինչ որ աւելի կը խորացնէ խնդիրը։ Եթէ խնդիրը շատ մօտ ապագային չկարգաւորուի, ապա անիկա շատ երկար ժամանակով պիտի յե-տաձգուի։ Կը ձգտինք, որ կարգաւորումը տեղի ունենայ կողմերու շահերուն նուազագոյն վնասով։ Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ լուծումին տարբերակները մտածուած եւ կշռադատուած են», ըսած է Պրայզա։