«Ամէն տարի կ'ընդլայնուին ՀՀ Զինուած Ուժերու սպառազինութիւններու եւ ռազմական արհեստագիտութեան կարողութիւնները եւ քանակը» ըսած է ՀՀ նախարարը: Ան դիտել տուած է թէ ՀՀ Զինուած Ուժերը ունին S-300 հրթիռային համակարգ, աւելցնելով թէ «մի օր Հայաստան կ'ունենայ նաեւ S-400»:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 2010ին Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով յայտնած էր թէ կը տրամադրէ S-300 հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգը:
Հայաստանի անկախութեան 20րդ տարեդարձի հանդիսութիւններու ծիրէն ներս՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, Տաւուշի մարզային ղեկավարութեան հետ այցելեց մարզին մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն առանձին հրաձգային գումարտակ:
Ողջունելով զօրամասի հրամանատարական, սպայական եւ զինուորական համակազմը՝ նախարարը ըսաւ. “Ձեր գումարտակը փառաւոր ճանապարհ է անցել. այն գրեթէ միշտ յաղթանակած է եղել եւ խորհրդային եւ յետխորհրդային‘ Արցախեան գոյամարտի տարիներին”: Նախարարը նշեց, որ գումարտակը մարտական պատրաստուածութեան արդիւնքներով բարձր ցուցանիշներ արձանագրած է 2010-2011ին:
“Իւրաքանչիւր զինուորի համար մեծ պատիւ է ծառայել այստեղ եւ պաշտպանել հայրենիքի սահմանները”, ընդգծեց Օհանեան:
Իբրեւ անկախութեան ակնառու ձեռքբերում՝ պաշտպանութեան նախարարը մատնանշեց պատերազմական թոհուբոհի մէջ տարբեր զօրամասերու եւ հայոց կանոնաւոր բանակի ստեղծումը: “Մեր բանակի ամենամեծ ձեռքբերումը յաղթանակն է, եւ այն պէտք է պահպանել”, շեշտեց Սէյրան Օհանեան:
Այնուհետեւ նախարարի հրամանով տարբեր խրախուսական պարգեւներ ու նուէրներ յանձնուեցան գումարտակի սպաներուն եւ պայմանագրային զինուորական ծառայողներուն:
Աւելի ուշ զինուորական ծառայողները ցուցադրեցին մարտավարական ու ֆիզիկական շարք մը հնարքներ:
Ս. Օհանեան. Բանակին Մէջ Ոչ Մէկ Յանցանք Անպատիժ Կը Մնայ
Սէյրան Օհանեանը անդրադարձաւ բանակին մէջ վերջին շրջանին տեղ գտած միջադէպերուն:
«Ոչ մի յանցանք, ոչ մի արտակարգ պատահար անպատիժ չի մնում», այդ առնչութեամբ նշեց նախարարը, աւելցնելով, որ բանակը, ի հարկէ, զերծ չի մնար պատահարներէ, յանցագործութիւններէ, սակայն անոնց դրդապատճառները կը բացայայտուին եւ մեղաւորները կ՛ենթարկուին ինչպէս վարչական, այնպէս ալ քրէական պատասխանատուութեան: Ս. Օհանեան նշեց, որ իւրաքանչիւր դէպք Զինուած ուժերու ղեկավարութեան համար մտագոհիչ է եւ անընդունելի: «Իւրաքանչիւր կորուստ ողբերգութիւն է ե՛ւ հարազատների, ե՛ւ ԶՈւ ղեկավարութեան համար», ըսաւ նախարարը, ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր արտակարգ պատահար հետաքննութեան կ՛ենթարկուի Զինուորական դատախազութեան եւ ՀՀ յատուկ քնչական ծառայութեան կողմէ, ու բոլոր ջանքերը կ՛ուղղուին՝ մեղաւորները բացայայտելու եւ պատժելու համար:
Ս. Օհանեանի խօսքով, այս տարուան առաջին կիսամեակը յայտարարուած է «Կարգապահութեան ամրապնդման կիսամեակ»: Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ ՀՀ ԶՈւ պատմութեան մէջ ամենաքիչ պատահարները արձանագրուած են 2007ին, իսկ միջադէպերու աճ արձանագրուած է 2010ի առաջին կիսամեակին, երբ աշխուժացում կը նկատուէր հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման եւ հետախուզական գործողութիւններու առումով: Ս. Օհանեան ընդգծեց նաեւ, որ նախարարութիւնը կը ձգտի պատահարներուն թիւը նուազագոյնի հասցնելու. «Ոչ մի այդպիսի դէպք անհետեւանք չի մնայ. ծառայողական հետաքննութիւն են իրականացւում, եւ բոլոր մեղաւորները ստանում են իրենց տոյժերը՝ ընդհուպ քրէական գործի յարուցում», եզրափակեց ան: