ՀՀ Ազգային ժողովի Հ. Յ. Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի հետ Օգոստոս 17ին կայացած հարցազրոյցին ընթացքին, ան յայտարարեց, որ Հայ Ազգային Կոնգրեսը ինքզինք արդէն ծուղակի մէջ ձգած է:

«Ինքն իրեն ծուղակն է գցել. սա արդէն ակնյայտ է եւ ուրիշ երեւոյթներից էլ էր երեւում, որ այս ծուղակն արդէն պատրաստ է: Միւս կողմից, ի հարկէ, իշխանութիւնն էլ ծուղակի մէջ է», նշեց Յովհաննիսեան:
Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավարը նկատի ունի իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութեան ծիրէն ներս կայացած Օգոստոս 16ի հանդիպումը: Մինչ հանդիպումը, ՀԱԿը յայտարարած էր, թէ երկխօսութիւնը շարունակելու հարցը կախուած է անցեալ շաբաթ կալանաւորուած ՀԱԿ աքթիւիսթներու կարգավիճակէն: Մինչդեռ, այս յայտարարութենէն ետք հանդիպելով իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ ՀԱԿը երկխօսութեան շարունակութեան մասին որոշում չկայացուց: Փոխարէնը, կողմերը քննարկեցին ՀԱԿի աքթիւիսթներու եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներուն միջեւ տեղի ունեցած միջադէպը՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելով շարունակել քննարկումը յառաջիկայ Ուրբաթ: Կողմերը նաեւ պայմանաւորուեցան ձեռնպահ մնալ միջադէպի քննարկման մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ մեկնաբանութիւն տալէ:
Վահան Յովհաննիսեանի կարծիքով, ամէն ինչ արդէն պարզ է. կողմերը որեւէ հարց լուծելու փափաք չունին, բացի յառաջիկայ ընտրութիւններուն իրարու հետ աթոռներ կիսելէ:
«Ամէն ինչի հետ պատրաստ են իրենք համակերպուել՝ ե՛ւ իրենց կողմնակիցներին «խոշտանգելու» (չակերտների մէջ եմ ասում, որովհետեւ չգիտեմ, դա իրականութեանը համապատասխանո՞ւմ է, թէ ոչ) ե՛ւ նաեւ «ոչ օրինական» պատգամաւորների հետ բանակցելու», նշեց Յովհաննիսեան եւ աւելցուց. «Ահա՛ այս պատկերին մէջ երբ նրանք գտնւում են, զարմանալ՝ որ նրանք մի գիշերուան ընթացքում կարող են դիամետրալ կերպով փոխել իրենց տեսակէտը՝ արդէն պէտք չէ»: