ՀՀայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ կազմակերպուած է հանդիպում՝ Աճարիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման մասնակցած են՝  Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վարդան Մարաշլեան, նախարարութեան աշխատակազմի Անկախ  Պետութիւններու Հասարակապետութեան հայկական  համայնքներու վարչութեան աշխատակիցները՝ վարչութեան նախագահ Անդրանիկ Արշակեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան այլ աշխատակիցներ,

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 29ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին հետ Թիֆլիս մեկնած ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը յայտարարած է, թէ Հայաստան յաջորդ տարի մտադիր է Իրան-Հայաստան 400 քիլօվաթ բարձր լարումի  գիծ կառուցել, եւ նոյն գիծը շարունակել Հայաստան-Վրաստանի միջեւ:

Վրաստանի մէջ ստորագրուեցաւ
սահմանային մարզի համագործակցութեան համաձայնագիր

Երկօրեայ պաշտօնական այցով Թիֆլիս ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Վրաստանի իր պաշտօնակիցին հետ: Երէկ ամբողջացած է ՀՀ նախագահի այցելութիւնը, Վրաստանի խորհրդարանի նախագահի եւ պատրիարքի հետ հանդիպումներէն ետք:

Նոյեմբեր 25-ին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան հերթական Շրջանային ժողովը, ուր ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Գ. Պետրոսեանը շրջաններու կոմիտեներու ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցով  Վրաստան այցելեց: