Յառաջիկայ երկու տարին ոչ մէկ փոփոխութիւն պէտք է ակնկալել ԼՂ խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ: Նման կարծիք յայտնեց ՀՅԴ Հայ Դատի գրա-սենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, զայն հիմնաւորելով այն հանգամանքով, որ նախընտրական շրջան է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ միջնորդ երկիրներու մէջ, բացի այդ Ատրպէյճան դարձած է ՄԱԿ-ի ԱԽ ոչ մշտական անդամ:

«Մանկական Եւրատեսիլ 2011»-ի մեկնարկին մնացած է  երկու  օր: Կազմնակերպիչներու  հաւաստմամբ, այն վստահաբար պիտի տարբերի նախորդներէն:
«Մանկական Եւրետեսիլ» միջազգային երգի մրցոյթը երբեք միանման, նոյն ձեւաչափով չի կազմակերպուիր, ամէն տարի նոր փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան, նոր գաղափարներ կը ներդրուին»,-

Հայաստանի գրողներու միութիւնը միացած է Հայ Դատի պաշտպան, թուրք անուանի հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքօլուն անյապաղ ազատ արձակելու միջազգային հանրութեան պահանջին:

Հայաստանեան քաղաքական ուժերը կը ներկայացնեն Հայաստանի արտաքին քաղաքական խնդիրներու գծով իրենց մօտեցումները

«Ժառանգութիւն» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Սաֆարեանը  քաղաքական ուժերու  մասնակցութեամբ կայացած քննարկման ընթացքին,  կարծիք յայտնեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հարցին մէջ   հայաստանեան քաղաքական ուժերի մօտեցումներն այնքան էլ նոյնական չեն:

Վերջերս Ախալցխայի թիւ 5 վրացական դպրոցը այցելեց Հայաստանէն եկած պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգա-բարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ յատուկ  յանձնարարութիւններով արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Լեւոն Սարգսեանի: Պատուիրակութիւնը Սամցխէ-Ջաւախք կը գտնուէր «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի շրջանակներուն մէջ: