ՓԱՐԻԶ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 7ին Մարսիլիոյ մէջ քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի ողջոյնի խօսքով մեկնարկեց Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) քոնկրեսը, որուն յատուկ հիւրի կարգավիճակով կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՀ խորհրդարանին մէջ, Դեկտեմբեր 8ին քուէարկութեան դրուեցաւ ՀՅԴի հարցապնդումը, ըստ որուն կ՛առաջարկուէր ՀՀ կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու հարցը:

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյման, իր տիկնոջ Ուաֆաա Սլէյմանի հետ եւ նախարարներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ, այսօր կանուխ առաւօտեան Երեւան ժամանեց:

Անցեալ տարի Հայաստանի մէջ արձանագրուած 2,6% աճի պայմաններուն զուգահեռ, աղքատութեան մակարդակը բարձրացած է 1,7-տոկոսային կէտով՝ կազմելով 35,8%: Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը (ԱՎԾ) անցնող օրերուն ներկայացուցած է «Հայաստանի սոցիալական պատկերը եւ աղքատութիւնը, 2011» տեղեկագիրը, ուր ներկայացուած են 2010-ի ցուցանիշները:

ՀՅԴն  Արդար  Ընտրութեան  Համար Չորս  Նախապայման  Կը  Տեսնէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».-  ՀՅԴ հանդէս եկած է կառավարութեան հրաժարականի պահանջի նախաձեռնութեամբ: Այս նախաձեռնութեան ի նպաստ արտայայտուած են ընդդիմադիր այլ խմբակցութիւններէ ներկայացուցիչներ եւս: