Հայաստան արդէն կը ժամանեն «Մանկական Եւրոտեսիլ 2011»ի տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց կը դիմաւորէ եւ «Welcom to Armenia» կ’ըսէ մրցոյթին Հայաստան ներկայացնող Տալիտան:
Յիշեցնենք, որ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2011»ը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 2ին եւ 3ին Կ. Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս:
Tert.am-ի հետ զրոյցին Տալիտան պատմեց իր զգացողութիւններուն մասին. «Քանի որ «Մանկական Եւրոտեսիլ»ը մրցոյթ է, բնական է, որ մրցոյթի մասնակցելու ժամանակ անհանգստութիւնը առկայ է: Իսկ այսօր արդէն Հայաստան կը ժամանեն տարբեր երկիրներու պատուիրակութեան ներկայացուցիչները, եւ այսօր տեղի պիտի ունենայ մեր պաշտօնական հանդիպումը: Ես այսօր բոլոր մասնակիցները կը դիմաւորեմ եւ կ’ըսեմ «Welcome to Armenia»: Մենք բոլոր մասնակիցներուն եւ պատւիրակութեան ներկայացուցիչներուն վաղուընէ պէտք է ներկայացնենք Հայաստանի տեսարժան վայրերը»:
Երգչուհին պատմեց, որ Նոյեմբեր 28ին եւ 29ին արդէն փորձերը սկսած են, եւ իւրաքանչիւր երկրի ներկայացուցիչի համար կը նշանակուին առանձին ժամեր:
«Որքան տեղեակ ենք, պէտք է մինչեւ փորձերը բեմի ձեւաւորումն ու նման այլ աշխատանքներ վերջացած ըլլան: Իսկ ինչ կը վերաբերի փոփոխութիւններուն, ընդամէնը աւելցած են լուսային խաղերը, ինչպէս նաեւ աւելցած են պարային փոքր շարժումներ: Այդ օրերուն մեր համերգներուն պիտի մասնակցին նաեւ Սիրուշոն, Վլատիմիր Արզումանեանը, ինչպէս նաեւ պիտի ունենանք յատուկ հիւր, որուն մասին որեւէ տեղեկութիւն չունինք, քանի որ այդ մէկը եւս անակնկալներու շարքին է: Երեկոյի հաղորդավարներն են Գոհար Գասպարեան եւ Աւետ Բարսեղեանը»,- ներկայացուց Տալիտան:
Այս տարի Տալիտայի երազանքը կը կատարուի. «Ես դեռ շատ տարիներ առաջ կը հետեւէի այս մրցոյթին ու միշտ կ’երազէի, որ ան իրականանայ Հայաստանի մէջ եւ ես ունենամ իմ մասնակցութիւնս: Իմ մեծ երազանքս կը կատարուի, եւ ես ի սրտէ բոլոր մասնակիցներուն կը մաղթեմ յաջողութիւններ եւ կը մաղթեմ, որ լաւ ժամանակ անցնեն Հայաստանի մէջ ու լաւ տպաւորութիւններով հեռանան»,- կ’ըսէ երգչուհին: