Ինչպէս երէկուան թիւով կը յայտնէինք, Հայաստան ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները հանդիպում ունեցան ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեանի հետ:

Նախարար Նալբանդեան համանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ ամէնաբարձր մակարդակով շարունակուող ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ շփման գծում նոր զոհերու պատճառ դարձած սադրանքներուն վրայ: Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Դեկտեմբեր 6-7ին Վիլնիուսի մէջ կայանալիք ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին առընչուող հարցեր:
Ապա համանախագահները մեկնեցան սահմանագիծ՝ հերթական իրենց դիտարկումը կատարելու համար: Հայ-ատրպէյճանական միջպետական սահմանը անոնք հետիոտն հատեցին:


Հայաստանի Կայան եւ ատրպեճանական Ճաֆարլի գիւղերու սահմանին վրայ, երէկ Նոյեմբեր 29ին տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ հերթական դիտարկումը: Հայկական դիրքերէն իրավիճակը կը քննէին ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի համակարգող Իմրէ Փալաթինուս, օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթով եւ Մարիուս Փուօձինուս եւ ատրպէյճանական կողմէ՝ ԵԱՀԿ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը