ՀՀայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ կազմակերպուած է հանդիպում՝ Աճարիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման մասնակցած են՝  Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վարդան Մարաշլեան, նախարարութեան աշխատակազմի Անկախ  Պետութիւններու Հասարակապետութեան հայկական  համայնքներու վարչութեան աշխատակիցները՝ վարչութեան նախագահ Անդրանիկ Արշակեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան այլ աշխատակիցներ,

Պաթումէն՝ Աճարիոյ հայերու միութեան նախագահ Գրիգոր Վարդանեան, Պաթումէն  Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ քահանայ Արարատ Գումպալեան, հասարակական, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բժիշկներ, ուսուցիչներ, երաժիշտներ, ուսանողներ եւ ուրիշներ: Հանդիպման նպատակն էր քննարկել Աճարիոյ հայ համայնքի ունեցած հիմնական հարցերը, ներկայացնել Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները, ամրապնդել եւ զարգացնել Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Աճարիոյ հայ համայնքի գործակցութիւնը, նաեւ‘ աշխուժացնել համայնքի մասնակցութիւնը համահայկական ծրագիրներուն:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալը՝ Վ.           Մարաշլեան, ներկաները ողջունել է ետք, ներկայացուցած է նախարարութեան գործունէութիւնն ու ծրագիրները. ան յատկապէս անդրադարձած է հայապահպանութեան, սփիւռքի ներուժի համախմբման ուղղուած՝ կրթական, մշակութային, երիտասարդական ծրագիրներուն՝ «Արի տուն», «Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոց», «Երիտասարդ լրագրողնե-րու դպրոց», «Սփիւռքի ամառնային համալսարան», եւ այլն: Նախարարին տեղակալը հաղորդած է, որ պէտք է աւելի աշխուժութեամբ մասնակցիլ Հայաստանի  սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն:
ԱՊՀ  հայ համայնքներու վարչութեան նախագահ Ա. Արշակեան առաջարկած է, որ ներհամայնքային հարցերու լուծման մէջ առաւել նախաձեռնողական ըլլալ՝  ներգրաւելով բոլոր կարելիութիւնները, իսկ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստակամ է բոլոր կարելի միջոցներով աջակցելու այդ հարցերու լուծման: