- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ ԱՊՀ երկիրներու միջկրօնական խորհուրդի երկօրեայ նիստը:
Նախապէս, առանձին հանդիպում կայացաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսաստանի Քիրիլ պատրիարքի եւ Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազադէի միջեւ, որոնք հանդէս եկան միասնաբար ուղղուած կոչով՝ շփման գիծէն դիպուհակահարներու հեռացման կապակցութեամբ:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Պրազիլի մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ճատրակի պատանիներու ախոյեանութիւնը:
18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Հայաստանէն մարզիկ Սամուէլ Տէր Սահակեան թէեւ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տաս Տեպասհիսի (Հնդկաստան) հետ, սակայն հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան՝ առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով:
Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Վլատիմիր Ֆետոսիեւ (Ռուսիա) եւ նոյնինքն Տաս Տեպասհիս (7-ական կէտ):
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
«Հայկական Ժամանակ» կը հաղորդէ թէ ՀՀ տարածքային կառավարման նախարարութեան Գաղթականութեան ծառայութեան տուեալներով, այս տարուան տասը ամիսներուն ընթացքին, բոլոր փոխադրամիջոցներով Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը 81,499ով աւելի է ժամանողներու թիւէն:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած Միջազգային խաղաղութեան «Քարնըկի» հիմնադրամի փորձագէտ Թոմաս տէ Վաալ, The National Interest հանդէսին մէջ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի արտագաղթին՝ սկսելով Գիւմրի իր այցելութեան յուշերով:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ի պատասխան 19-20 Նոյեմբերին առաջնային գիծին վրայ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններուն պատճառով Արցախի բանակին կրած երկու զինուորի կորուստին, հայկական կողմը, ինչպէս նախապէս զգուշացուցած էր, դիմեց պատժիչ գործողութիւններու: