Նոյեմբեր 25-ին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան հերթական Շրջանային ժողովը, ուր ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Գ. Պետրոսեանը շրջաններու կոմիտեներու ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ:
Իւրաքանչիւր Շրջանային ժողով կը համարուի ՀՅԴ Արցախի կառոյցի բարձրագոյն ժողովը եւ կը գումարուի երկու տարին մէկ, ուր կÿընդունուին յստակ բանաձեւեր եւ որոշումներ՝ որով կÿառաջնորդուի ՀՅԴ Արցախի կառոյցը յառաջիկայ երկամեակին ընթացքին:
Նոյեմբեր 26-ին ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան հերթական Շրջանային ժողովը աւարտելով իր աշխատանքները, ընտրեց ՀՅԴ Արցախի ԿԿ նոր կազմ՝ բաղկացած եօթը հոգիէ՝ Դաւիթ Իշխանեան, Ժիրայր Շահիջանեան, Ալեոշա Գաբրիէլեան, Լեւոն Հայրիեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Արթուր Խաչատրեան եւ Արա Յովհաննիսեան:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ վերընտրուեցաւ Դաւիթ Իշխանեանը: