- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Նոյեմբեր 28-29ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստը, ուր մասնակցութիւն պիտի բերեն ԱՊՀ երկիրներու աւանդական կրօններու «քրիստոնէութիւն, իսլամ, յուդայականութիւն, պուտիզմ) առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի մը:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ԿՈՎՍԱԿԱՆ, «Երկիր».- Ղարաբաղի Կովսական քաղաքին մէջ, ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէյեանի անուան դպրոցի շրջափակը տեղադրուած է Թաթուլի կիսանդրին:
Դպրոցը հերոսին անունով անուանակոչուած էր 2000ին, իսկ կիսանդրիի բացումը Թաթուլի մարտական ընկերներուն երազանքն էր:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ՀՀ փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան, «Հայփոստ»ի, ԵՈՒՆԵՍՔՕի եւ Ելեկտրա-հաղորդակցութեան միջազգային միութեան ջանքերով, Երեւանի մէջ բացուեցաւ կոյրերու համար համացանցային կեդրոն մը, որ առաջինն է ամբողջ ԱՊՀ տարածքին։ ՀՀ փոխադրամիջոցի եւ կապի նախարար Մանուկ Վարդանեանի խօսքով, սոյն կեդրոնը նպատակ ունի ընդլայնել սահմանափակ կարողութիւններով մարդոց կենսագործունէութեան հնարաւորութիւնները:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Նոյեմբեր 22ին, Հայաստանի նոր դեսպանութիւն բացուեցաւ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի մէջ: Հանդիսութեան ներկայ եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Չեխիոյ իր պաշտօնակից Քարել Շվարցենպըրկ, Փրակի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, Չեխիոյ խորհրդարանի անդամներ ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: