www.lib.mindiaspora.am հասցէով՝ հաստատուած է սփիւռքի նախարարութեան ելեկտրոնիք գրադարանը, ուր կարելի է տեղեկատուութիւն ստանալ աշխարհի մէջ գործող հայկական գրահրատարակչական, մշակութային եւ հետազօտական հաստատութիւններու, գրադարաններու, հրատարակչութիւններու, հետազօտական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ հայ հեղինակներու եւ անոնց աշխատութիւններուն վերաբերեալ:

Դեկտեմբեր 12-15 աշխատանքային այցով Իտալիա կը մեկնի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Այցելութեան ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ Պենետիքթոս Պապին հետ, Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ Վենետիկ, Մխիթարեաններու Ս. Ղազար կղզի։

Հայաստանի տարածքին ձիւն կը սպասուի այս օրերուն: Օդը ցրտած է եւ առատ անձրեւ կայ, յատկապէս հիւսիսային շրջաններուն մէջ:
Զօրաւոր հովեր կը սպասուին եւ օդի  ջերմաստիճանի նուազում:
Լեռնանցքներու մէջ մշուշը վտանգաւոր կը դարձնէ ճանապարհները:

Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման, իր կնոջ՝ Ուաֆա Սլէյմանի ուղեկցութեամբ, եռօրեայ պաշտօնական այցով մը գտնուեցաւ Երեւան:
Այցի ընթացքին Լիբանանի նախագահը հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ:

20 տարիներ առաջ, 10 Դեկտեմբեր 1991ին, պատերազմը դեռ իր աւարտին չհասած՝ Արցախի ժողովուրդը հանրաքուէի կը մասնակցէր եւ 99%ի գրեթէ միաձայնութեամբ իր կամքը կ'արտայայտէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ի նպաստ։