ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 29ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին հետ Թիֆլիս մեկնած ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը յայտարարած է, թէ Հայաստան յաջորդ տարի մտադիր է Իրան-Հայաստան 400 քիլօվաթ բարձր լարումի գիծ կառուցել, եւ նոյն գիծը շարունակել Հայաստան-Վրաստանի միջեւ:
Ըստ Ա. Մովսիսեանի, բարձր լարման այդ գիծը Հայաստանին կու տայ շարք մը առաւելութիւններ, քանի որ թողունակութեան առումով՝ շուրջ երեք անգամ պիտի աճի Հայաստանէն Վրաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ ելեկտրակա-նութեան մատակարարման հնարաւորութիւնը:
«Այս մասով բաւականին մեծ աշխատանք է կատարուած եւ նախարարին հետ պայմանաւորուածութիւն ենք ձեռք բերել, որ աշխատանքներին նոր տեմպ հաղորդենք եւ մինչեւ յաջորդ տարուան վերջը, այս ծրագիրը կեանքի կոչուի», յայտարարած է նախարարը:
Միւս խնդիրը, որուն անդրադարձած են երկու երկիրներու նախարարները, ձմրան ընթացքին կազի կայուն ներածումն է Հայաստան:
«Պայմանաւորուածութիւններ ենք ձեռք բերել, որ օփերաթիւ հերթապահութիւն սահմանուի, որպէսզի որեւիցէ խնդիր կազի ներկրման հետ կապուած՝ ձմրան շրջանում չլինի», ըսած է Արմէն Մովսիսեան:
«Մենք ունենք հին ժամանակուանից եկած պարտք, բայց դա ոչ թէ Վրաստանի ուժանիւթի նախարարութեան հետ է, այլ վրացական մի ընկերութեան: Այդ պարտքն առաջացել է վրացական, հայկական եւ ռուսական ընկերութիւնների միջեւ գործունէութեան արդիւնքում: Խնդիրը փորձում ենք լուծել այդ ընկերութիւնների մակարդակով եւ իմ կարծիքով, հնարաւոր է, որ եկող տարի այդ լուծումը գտնուի: Խօսքը մօտ 3.8 միլիոն տոլարի մասին է: Պարտքը միջկառավարական չէ, եւ խնդիրը պէտք է լուծուի այդ ընկերութիւնների մակարդակով», բացատրած է ուժանիւթի նախարարը: