Երէկ Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբերին, 84 տարեկանին մահացաւ Գաւառի պետական համալսարանի խորհուրդի նախագահ, փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթոր, Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, դասախօս Հրանդ Յակոբեանը՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հայրը:

Նոյեմբեր 20ին, Երեւանի մէջ իրականացաւ շուներու 3րդ միջազգային ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած շուրջ 30 ցեղատեսակներուն մէջ, հայկական գամփռը եղաւ չորս յաղթողներէն մէկը, որոնք պարգեւատրուեցան պատուոյ գիրերով եւ տարբեր մրցանակներով:

Տարուան «Ոսկէ մետալակիր»ը եղաւ հայկական գամփռը:

«Իւրաքանչիւր հայ զինուորի կեանքին համար հայկական կողմի պատասխանը անհամաչափ պիտի ըլլայ» կը յայտարարէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը


Անցեալ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի բանակի երկու զինուորներ զոհուեցան: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքին, ատրպէյճանցի արձակազէններու կրակոցներէն ԼՂՀ  հարաւ-արեւելքը գտնուող պաշտպանական դիրքերուն վրայ զոհուած են ժամկէտային զինուոր-ներ Արէն Սիմոնեան եւ Միհրան Մարգարեան: Անոնք երկուքն ալ 19 տարեկան էին:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի յաջորդն է Ժաք Ֆոր: Համա-
 նախագահները Նոյեմբերի վերջաւորութեան պիտի կատարեն շրջանի իրենց հերթական այցելութիւնը, որ Պեռնար Ֆասիէի համար պիտի ըլլայ համանախագահի կարգավիճակով վերջին այցելութիւնը:

«ՀՀ Ազգային Ժողովի  կանոնակարգ» օրէնքի 20րդ յօդուածին համաձայն` երէկ, Նոյեմբեր 21ին,  ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան վերահաստատեց ԱԺ նախագահի պաշտօնէն հրաժարականի մասին իր դիմումը, որ ներկայացուցած էր Նոյեմբեր 14ին` Ազգային ժողովի  նիստին: