Թերեւս ուրիշ ազգերու պարագային հազուադէպ կը պատահի, որ յոբելեար մը, իր մեծարման նուիրուած հանդիսաւոր պահուն, երբ իր վաստակն ու ժառանգութիւնը ըստ արժանւոյն կը փառաւորուին, այդպէս յանկարծակի, բեմէն իր շնորհակալութեան խօսքն ու պատգամը

Նոյեմբեր 25ի օրը, յիսուն տարի առաջ, Մ. Նահանգներու Պոսթըն քաղաքի հայահոծ արուարձաններէն Ուստրի մէջ, տեղի կ'ունենար Դաշնակցութեան Օրուան հանդիսաշուք տօնակատարութիւնը։

Այսօր՝ 22 Նոյեմբերին, կը լրանայ մահուան 47րդ տարելիցը հայ գրականութեան մեծարժէք երգիծագիրներէն Լեռ Կամսարի, որուն կեանքն ու գործը խօսուն, այլեւ դառն վկայութիւն մը եղան Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին բաժին բանուած խորհրդային լուծին ողբերգական հետեւանքներուն։

Նոյեմբեր 21ին, հինգ տարի առաջ, բաբախելէ դադրեցաւ խռովայոյզ սիրտը հայ նորագոյն գրականութեան մեծատաղանդ արձակագիրներէն Աղասի Այվազեանի։
Իր գեղարուեստական տաղանդով եւ ստեղծագործական վաստակով՝ Աղասի Այվազեան եղաւ հայ արձակի եւ բեմագրութեան արժանաւոր վարպետ մը, որ վերջին յիսնամեակին նոր հորիզոններ բացաւ հայաստանեան գրականութեան առջեւ։

20 Նոյեմբերի այս օրը, հինգ տարի առաջ, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր արժանաւոր մտաւորականներէն Գառնիկ Անանեանը։
Գառնիկ Գուրգէնի Անանեան հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր աւանդներուն պահապան գրականագէտ էր ու ժամանակի կշռոյթին հետ քայլ պահող հրապարակախօս։