- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 7ի այս օրը, 24 տարի առաջ, Հայաստանի հետ ամբողջ աշխարհը զարհուրանքով տեսաւ ու ճարահատ անդրադարձաւ, թէ մարդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը տակաւին որքա՜ն անզօր են բնութեան դէմ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Այսօր՝ Դեկտեմբեր 6ին, կ'ոգեկոչենք մահուան 63րդ տարելիցը Մօրուք Կարոյի, որ «Անկեղծ զինուոր»ի իր արժանաւոր տեղը ունի հայոց պատմութեան նոր ժամանակաշրջանը լուսաւորող Սասնոյ դաշնակցական ֆետայիներու անզուգական Սերունդին մէջ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 5ի այս օրը, 91 տարի առաջ, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի փողոցներէն մէկուն վրայ, օր - ցերեկով, հայ ժողովուրդը արդար մահապատիժի ենթարկեց աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայորդիներու ցեղասպանութեան թրքական ոճիրին գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Իթթիհատական կառավարութեան վարչապետ Սայիտ Հալիմ Փաշան։
Ահաբեկիչը 21 տարեկան երիտասարդ մըն էր, անունը՝ Արշաւիր Շիրակեան։
- Details
- Category: Յուշատետր
Եթէ պատմաքաղաքական առումով ճիշդ է ու հնարաւոր որոշակի տարեթիւ մը տալ հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական շարժման ծնունդին համար, ապա իրաւամբ 4 Դեկտեմբեր 1882ը կրնայ նկատուիլ Հայկական Յեղափոխութեան շուրջ մէկուկէսդարեայ բոցավառումին խարոյկը արծարծող առաջին կայծերուն շղթայազերծման թուականը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 2ին եւ 3ին, 92 տարի առաջ, քեմալական Թուրքիոյ սալին եւ լենինեան Ռուսաստանի մուրճին միջեւ ճզմուած ու երկու կողմէ կրակի մէջ յայտնուած, Հայաստանի Հանրապետութիւնը անձնատուր եղաւ եւ ստիպուեցաւ, անջատաբար, երկու առանձին պայմանագիրներ ստորագրել Հայաստանի անկախութիւնը կործանելու նպատակով Հայաստանի վրայ յարձակած Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ։