- Details
- Category: Յուշատետր
Ուրբաթ 30 Նոյեմբերի «Ազատ Օր»ի Յուշատետր սիւնակով անդրադարձ մը կատարեցինք Տիգրան Երկաթի (Կարապետ Պիլեզիկճեանի) կեանքին ու գործունէութեան:
- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 1ին, 113 տարի առաջ, իր ծննդավայր Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, թոքախտէ հիւծուած, 29 տարեկանին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Տիգրան Երկաթը, որ իր ժամանակին Եւրոպայի տարածքին մեծ հռչակ նուաճեց իբրեւ Թրքական Չարիքին դէմ համընդհանուր պայքարի դրօշակիր հայ յեղափոխականը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Նոյեմբեր 29ի այս օրը, 61 տարի առաջ, մեր ժողովուրդը կորսնցուց իր ազգային էութեան եւ մարդկային ինքնուրոյն ներաշխարհին ամէնէն խորիմաց վերծանողներէն ու մեծատաղանդ գրողներէն Լեւոն Շանթը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Երէկ՝ Նոյեմբերի 27ին, Հայաստանի մէջ հանդիսաւորապէս ոգեկոչուեցաւ հայ ժողովուրդի հանճարեղ դէմքերէն Եղիշէ Չարենցի մահուան 75ամեակը։
Բնական մահով չվախճանեցաւ հայ գրականութեան յեղափոխաշունչ երգիչը։
Խորհրդային Միութիւն կոչուած Չարիքի Կայսրութիւնը, բառին ուղղակի եղերական իմաստով, բրտօրէն պոկեց հազիւ քառասնամեայ հայ հանճարին կեանքի թելը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Նոյեմբեր 27ի այս օրը, 61 տարի առաջ, Փարիզի մէջ առյաւէտ փակուեցան խստաբիբ աչքերը Հայ Յեղափոխականի ամբողջական կերպարին Դաշնակցական շունչը մարմնաւորած Ռուբէն Տէր-Մինասեանի։