Այսօր՝ 14 Նոյեմբերին, կը լրանայ մահուան 80ամեակը հայ ժողովուրդի մեծանուն մտաւորականներէն Լէոյի, որ պատմագիտական եւ ազգային-հասարակական ուսումնասիրութեանց իր բեղուն վաստակով՝ անվիճելի հեղինակութիւն մը եղաւ ընդհանրապէս հայ մտքի զարգացման եւ յատկապէս հայ իրականութեան քննական վերլուծութեան ու արժեւորման մէջ։
Ինչպէս որ Աւետիք Իսահակեան գրած է՝ «Մարդու հետաքրքիր օրինակ է Լէոն: Հազիւ թէ այդպիսի երկրորդը գտնուի մեր մէջ, որի հետաքրքրութիւնների ոլորտը սահման չի ունեցել»։
Իսկ հայրենի արձակագիր Վիգէն Խեչումեանի վկայութեամբ՝ «Ժամանակի առհելի ծածկոյթի մէջ նա իրեն զգում է ոչ թէ որեւէ հիւր, այլ ամէն դիպուածի մասնակից: Ա՛յս է նրա շնչաւոր գրքերի գաղտնիքներից մէկը:»։
Նաեւ՝ վիճայարոյց հայ մտաւորականի դասական կերպարը կը խորհրդանշէ Լէօ, որ ապրելով եւ գործելով հայոց պատմութեան ամէնէն վճռորոշ ժամանակաշրջանին՝ հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներ թեւակոխման դարձակէտին, սոսկ արձագանգող մը չեղաւ ազգային մեր այսօրը հունաւորած պատմակշիռ իրադարձութիւններուն՝ հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծումին, համիտեան հայաջինջ քաղաքականութեան եւ անոր յաջորդած իթթիհատական եղեռնագործութեան, պատմական Հայաստանի կործանման եւ հայոց հայրենազրկումին, բուռ մը Հայաստանի ազատագրումին, հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումին ու ապա խորտակումին...
Դարակազմիկ այդ բոլոր վերիվայրումներուն մասնակիցն ու մտաւորական վկան դարձաւ Լէօ, որ ինչպէս մեր ժողովուրդը՝ ունեցաւ իր անկումի խոտորումներն ու վերականգնումի թռիչքները։ Որքան համախոհներ, նոյնքան եւ աւելի տարախոհներ ունեցաւ իր մտածումներով եւ գաղափարական կողմնորոշումներով։
Աւազանի անունով Առաքել Գրիգորի Բաբախանեան, Լէօ ծնած էր 14 Ապրիլ 1860ին, Շուշի։ Կեանքի պայմանները չօգնեցին, որպէսզի Լէօ կարենար բարձրագոյն ուսման հետեւիլ։ Ան ստիպուեցաւ բաւարարուիլ Շուշիի Թեմական եւ Քաղաքային Վերակազմեալ վարժարաններու ջամբած ուսումով։ Աւարտեց 1878ին եւ գնաց Պաքու՝ նոտարական աշխատանք գտնելով եւ ազատ ժամանակը լրիւ օգտագործելով թէ՛ ինքնազարգացման, թէ՛ գրական ստեղծագործութեան եւ թէ հրապարակագրութեան համար։
1880ականներէն սկսեալ, Լէօ մնայուն աշխատակիցը եղաւ Գրիգոր Արծրունիի մեծահռչակ «Մշակ» թերթին՝ անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւելով եւ ատենի ծանօթ գրողներու եւ հեղինակաւոր դէմքերու խրախուսանքին արժանանալով։
Ինքնազարգացումը դարձաւ Լէոյի կեանքին առաջնորդող եղանակը՝ զինք դարձնելով հեղինակը աւելի քան 200 հատոր կազմող ստեղծագործութեանց եւ աշխատասիրութեանց։ Իր այդ պատկառելի վաստակը նկատի ունէին իր ժամանակակիցները, երբ կþըսէին.¬ «Լէոն ոչ թէ գրող է, այլ գրական հիմնարկութիւն»։
Բեղմնաւոր գրիչ էր Լէօ, որուն կարճ պատմուածքները, վիպակները, հրապարակագրական յօդուածները, գրախօսականները, ուղեգրութիւններն ու վէպերը արագօրէն յաջորդեցին իրարու՝ լոյս տեսնելով Թիֆլիսի, Պաքուի, Շուշիի, Վենետիկի, Ս.Ղազարի եւ Պոլսոյ հայ մամուլի էջերուն:
1895ին Լէօ տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ուր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց մինչեւ 1924 թուականը, երբ հրաւիրուեցաւ Երեւան՝ իբրեւ Պետական Համալսարանի աւագ դասախօս։ Թիֆլիսեան իր գործունէութեան շրջանին, երկու տարիով, 1906էն 1908, Լէօ դասախօսական պաշտօնի կոչուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։ Այլապէս երկար տարիներ եղաւ «Մշակ»ի խմբագրութեան քարտուղարը, իսկ 1908էն ետք դարձաւ «Մուրճ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը։
Լէօ գաղափարական կազմաւորման վրայ զգալի եղաւ դրոշմը ինչպէս Գրիգոր Արծրունիի մտածողութեան, նոյնպէս եւ Րաֆֆիի ազատախոհ ուղղութեան։ Իբրեւ այդպիսին՝ Լէօ ատենին անխնայ քննադատողը եղաւ իր ժամանակաշրջանի հայ պահպանողականութեան եւ կղերամտութեան։ Դարձաւ քննադատական մտքի դասական եւ ուսանելի օրինակ մը հայ իրականութեան մէջ:
Թիֆլիսի մէջ Լէօ մեծ հռչակի տիրացաւ ոչ միայն իբրեւ գրող, գրականագէտ, հրապարակախօս եւ նորարար պատմագիր, այլեւ՝ իբրեւ լայն պատրաստութեան եւ գիտութեան տէր մտաւորական մը, որուն քննական արժեւորման կþարժանանար հայ իրականութիւնը յուզող իւրաքանչիւր հարց:
Թէեւ Լէոյի գրախօսականները ծայր աստիճան խիստ էին իր ժամանակակից գրողներուն նկատմամբ, այսուհանդերձ՝ ան մեծապէս գնահատուեցաւ իր կատարած քննադատութեանց համար եւ պատահական չէր, որ Կովկասի Հայ Գրողներու Ընկերութեան եւ յատկապէս անոր նախագահ Յովհ.Թումանեանի նախաձեռնութեամբ, 1908ին եւ 1910ին մեծ շուքով նշուեցան Լէոի գրական գործունէութեան 25ամեակն ու ծննդեան 50ամեակը։
Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին հայ ժողովուրդին բաժին հանուած ծանրագոյն ողբերգութիւնը՝ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը ծայր աստիճան ծանր անդրադարձ ունեցան Լէոյի վրայ։ Մեծ մտաւորականի գաղափարական աշխարհը հիմնովին փուլ եկաւ եւ ան գրեց «Անցեալից» խորագրով աշխատասիրութիւնը, ուր գլխիվայր շրջուած պատկերով կը ներկայանայ Լէոյի արժեւորումը հայ ազգային-ազատագրական շարժման վերաբերեալ, այն աստիճան՝ որ մեղաւորի փնտռքուքը Լէոյին առաջնորդեց հետեւեալ տիպի անհիմն եզրակացութեանց.-
...«Մեղաւորը մտաւորականներն էին, հայ հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններն, որոնք յիմարաբար եւ անխոհեմ հաւատացին շահամոլ բուրժուական արեւմուտքին ու Ռուսաստանին, եւ մենք՝ որ մանկամիտ ձեւով հաւատացինք լուսաւորեալ մարդկութեան հումանիզմին, ծախու եւ ստոր հաւաստիացումներին... Տարիներ շարունակ ես յանցագործ ձեւով պայքարել եմ մեր պահպանողականների դէմ, բայց նրանք աւելի իրատեսական գտնուեցին, քանի որ աւելի լաւ էին հասկացել աշխարհի ուժեղների անամօթութիւնը եւ անբարոյականությունը»:
Լէօ իր կեանքի վերջին տարիները, 1924էն 1932, անցուց Երեւան՝ դասաւանդելով Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։ Ան վախճանեցաւ 14 Նոյեմբեր 1932ին, գրեթէ կուրացած վիճակի մէջ, բայց մինչեւ վերջին շունչ գրիչը՝ ձեռքին եւ հայոց վիշտը՝ հոգիին խորը: Իր կտակը եղաւ՝
«Երանի նրանց, որոնք մեռան միամտութեան մէջ՝ հաւատալով, որ հայոց հարցը պիտի լուծուի հայ ժողովրդի երջանկութեան համար: Ես մի մխիթարանք ունեմ այժմ, աւերուած եւ բզքտուած Հայաստանից մնացել է մի փոքրիկ հողակտոր, որը շատ մեծ գնով է ձեռք բերուել...: Բայց հայ ժողովուրդը... պիտի նորից ապրի: Ապրի այնպէս, որ հինը երբեք չկրկնուի: Ապրել ոչ միայն նորից, այլեւ նորովի ու անէծքով խափանուած ճանապարհների փոխարէն պիտի բացուեն նորերը...»:
Լէոյի աճիւնը ամփոփուեցաւ Կոմիտասի անուան զբօսայգիի Պանթէոնին մէջ:
Հայ մտքի եւ պատմագիտութեան մեծավաստակ երախտաւորի յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ անդրադարձը թերի պիտի մնայ, եթէ չընդգծուի, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Լէօ դրսեւորեց պատմաքաղաքական իր հայեացքներն ու արժեւորումները հիմնովին վերանայման ենթարկելու աննախանձելի վարքագիծ մը։ Լէոյի վերջին տարիներու գաղափարախօսական խոտորումները, յատկապէս իր կոթողական «Հայոց Պատմութիւն» եռահատոր գործին վերջին հատորին (նորագոյն շրջանին վերաբերեալ) եզրայանգումները անընդունելի եղան այն աստիճան, որ մինչեւ իսկ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ը, 1970ականներուն, դատապարտանքով անդրադարձաւ Հայ ազգային-ազատագրական շարժման դէմ ուղղուած Լէոյի «մեղադրանքներուն»... 1925էն ետք գրուած իր աշխատութեանց մէջ, Լէօ փաստօրէն հայկական յեղափոխութեան վրայ բարդեց յանցանքի եւ պատասխանատուութեան մեծ բաժին մը՝ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ջարդերուն «պատճառ» նկատելով հայ յեղափոխականներու այսպէս կոչուած «յանպատրաստի» եւ «կանխահաս» պոռթկումները։
Պատմագիտական եւ գաղափարախօսական իր այդ խորհրդահաճոյ վերանայումներուն համար, օրին իսկ, Լէօ «յապաղած մարգարէ» հռչակուած էր արդէն Դաշնակցութեան տեսաբան Միքայէլ Վարանդեանի կողմէ։
Բայց այդօրինակ խոտորումներով հանդերձ՝ Լէօ մեր ժողովուրդին յանձնած է ժառանգութիւն մը, ուր հայ քննական միտքը կը ճառագայթէ ամենայն խորիմացութեամբ ու լուսաւորող ջերմութեամբ, որոնց համար Լէօ իր մնայուն տեղը ունի հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ։
Ն.