19 Նոյեմբեր 1918ին, 94 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան անխոնջ ու բազմահմուտ պահապաններէն եւ վաստակաշատ մշակներէն Մաղաքիա Արք. Օրմանեան։
Ուշագրաւ զուգադիպութեամբ մը, Օրմանեան վախճանեցաւ ճիշդ այն օրը՝ Նոյեմբեր19ին, երբ 1896 թուականին ընտրուած էր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք, 12 տարի ղեկավարելու համար համազգային կարեւորութեամբ այդ նուիրապետական աթոռը, հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան ծայր աստիճան կարեւոր ու փոթորկալի մէկ ժամանակաշրջանին։
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք իր ընտրութենէն առաջ արդէն մեծ հեղինակութիւն էր Օրմանեան՝ իբրեւ գիտուն աստուածաբան եւ ներհուն հայագէտ, որ իբրեւ այդպիսին պատնէշի վրայ մնաց ու անխոնջ աշխատանքով հարստացուց հայ հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը՝ նաեւ պատրիարքութեան շրջանին եւ այնուհետեւ ալ, մինչեւ իր վերջին շունչը։
Ծնած էր Պոլսոյ հայաբնակ արուարձաններէն Բերայի մէջ, 23 Փետրուար 1841ին, հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը յարկին տակ եւ կնքուած էր Պօղոս անունով։
Նախնական կրթութիւնը ստացաւ կաթողիկէ Հայր Աթանասի դպրոցին մէջ եւ 10 տարեկանին ծնողքը զինք ուղարկեց Հռոմ՝ Անտոնեանց միաբանութեան Ս. Լուսաւորիչ վանքը։ 1856ին իբրեւ կրօնաւոր օրհնուեցաւ
վանահայր Հայր Կղեմէս Միքայէլեանի ձեռամբ՝ Մաղաքիա անուանակոչուելով։
Հռոմի Վենետիկեան Դպրոցին մէջ լատիներէնը զօրացնելէ եւ Ճարտասանութիւն ուսանելէ ետք, ընդունուեցաւ աստուածաբանական Ս. Ապողինարի Վարժարանը, որուն չորս աստիճանները յաջողութեամբ աւարտեց եւ 1863ին Քահանայ ձեռնադրուեցաւ Երուանդ Արք. Հիւրմէզեանի ձեռամբ։ 1865ին պաշտպանեց աստուածաբանական իր աւարտաճառը, արժանացաւ Եպիսկոպոսի աստիճանին եւ հայերէնի ուսուցիչ նշանակուեցաւ Վատիկանի Փրոփականտայի Դպրանոցին մէջ։
1866ին վերադարձաւ Պոլիս, ուր տարի մը Անտոնեանց Միաբանութեան Աբբահայր Սուքիաս Եպս. Գազանճեանի քարտուղարութիւնը ստանձնելէ ետք՝ նշանակուեցաւ տեսուչ եւ ուսուցիչ Թագսիմի Անտոնեան վարժարանին։ Շարունակեց աստուաբանական, իմաստասիրական եւ եկեղեցական իրաւագիտութեան մէջ իր ուսումնասիրութիւնները եւ 1867ին Հռոմ մեկնեցաւ՝ մագիստրոսի իր աւարտաճառը պաշտպանելու համար։ Փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց եւ արժանացաւ Հռոմի Աստուածաբանական Կաճառի անդամակցութեան։
1869ին, Գազանճեան Եպիսկոպոսին հետ ներկայացուց Պոլսոյ Անտոնեանց Միաբանութիւնը Հռոմի մէջ գումարուած Վատիկանեան ժողովին, որ դարձակէտ կազմեց Օրմանեանի կեանքին մէջ։ Ազգային իր ներշնչումներով եւ Հայոց Հաւատքի դաւանաբանական առանձնայատկութեանց կառչելու իր մօտեցումներուն պատճառով՝ բուռն քննադատութեանց եւ դատապարտանքի արժանացաւ։ Գազանճեան Աբբահօր հետ բառացիօրէն խոյս տուին Հռոմէն՝ պապական շրջանակներու հալածանքէն ազատելու համար եւ վերադարձան Պոլիս։
Այդ օրէն սկսաւ Օրմանեանի եւ իր գաղափարակիցներու աստիճանական հեռացումը Կաթոլիկ եկեղեցիէն։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ուղղութեամբ մերձեցման ու հաշտեցման տասնամեայ ուղի մը կտրելէ ետք, Օրմանեան Եպիսկոպոսի եւ անոր գաղափարակիցներուն շարժումը 1879ին յանգեցաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մայր գիրկը վերադառնալու պաշտօնական քայլին։
1979ին սկսաւ Օրմանեան Սրբազանի առաքելական ծառայութեան շուրջ քառասնամեայ շրջանը, որուն 12 տարիները, 1896էն 1908, Օրմանեան արդիւնաւորեց իբրեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք։ Բայց մինչեւ իր պատրիարք ընտրութիւնը, յատկապէս նշանակալից եղաւ Կարնոյ մէջ, 1880ականներուն, հայ յեղափոխական շարժումներու բռնկման ժամանակաշրջանին, Օրմանեանի ծաւալած ուսուցչական գործունէութիւնը Սանասարեան վարժարանի մէջ եւ, ապա, սուլթանական իշխանութեանց մօտ իր միջնորդական առաքելութիւնը՝ ի նպաստ հարիւրներով բանտ նետուած հայ երիտասարդներու ազատ արձակման։
1886ին, Կարնոյ հայոց առաջնորդի իր պաշտօնէն հրաժարելով, Օրմանեան անցաւ Ս. Էջմիածին, ուր Մակար Կաթողիկոսի կողմէ Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Գարեգին Սրուանձտեանցի եւ այլոց հետ։ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանիh մէջ երկու տարի աստուածաբանութեան դասախօս ըլլալէ ետք, նշանակուեցաւ Արմաշի վանքին տեսուչ եւ այդ պաշտօնին վրայ ունեցաւ, սերունդ պատրաստելու եւ պատմագրական իր գործերը ամբողջացնելու առումներով, բեղուն գործունէութիւն։
1896ին, երբ Մատթէոս Իզմիրլեան Պատրիարքի հրաժարումով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նոր գահակալ ընտրելու անհրաժեշտութիւնը առաջացաւ, աչքերը ուղղուեցան դէպի Արմաշի երախտաշատ վանահայրը եւ Օրմանեան ընտրուեսցաւ Պատրիարքի պաշտօնին։
Հեզասահ չընթացաւ Օրմանեանի պատրիարքութիւնը՝ ոչ միայն Պոլսոյ հայոց պատրիարքական շրջանակներու ներքին հակասութեանց եւ մրցակցութեանց հեղձուցիչ մթնոլորտին առումով, այլեւ Համիտեան բռնատիրութեան հետ տեւական շփման, բախման եւ համերաշխութեան սահմանագիծը գտնելու ամէնօրեայ դժուարութեանց հետեւանքով։ Այդպէ՛ս, Օրմանեանի պատրիարքութեան շրջանը անփառունակ վախճան մը ունեցաւ 1908ին, երբ իր դէմ հրապարակուած հանրագրութեամբ մը՝ Օրմանեան Պատրիարք թիրախ դարձաւ ամէն կարգի մեղադրանքի՝ մինչեւ սուլթան Համիտի գործակալը դարձած ըլլալու ամբաստանութեան. պահանջուեցաւ անոր հրաժարականը։
Օրմանեան սրտի կաթուած ունեցաւ, բայց վերապրեցաւ ու թափով պայքար մղեց, որպէսզի իր անձին դէմ եւ անուան շուրջ կատարուած վերագրումներն ու մեղադրանքները սրբագրել տայ։ Իրեն յաջորդած Եղիշէ Արք. Դուրեան Պատրիարքի օրով, 1909ին, Օրմանեան Սրբազան անպարտ հռչակուեցաւ իր դէմ եղած ամբաստանութիւններէն։
Բայց ազգային ու հանրային իր պաշտօնավարութեան վերջնականապէս հրաժեշտ տուած էր այլեւս Օրմանեան։ Ամբողջապէս նուիրուեցաւ իր գիտաշխատութեանց եւ ամբողջացուց իր կոթողական գործերը՝ «Հայապատում»ը եւ «Ազգապատում»ը, որոնք հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքին նուիրուած հանրագիտական մեծարժէք ժառանգութիւն մը կը հանդիսանան՝ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի անունը յաւերժացնելով։
1914ին աքսորուեցաւ Երուսաղէմ, ուր մնաց մինչեւ 1917 եւ ամբողջացուց իր աշխատասիրութիւնները։ Անցաւ Դամասկոս, իբրեւ տարագիր, ուր լոյս ընծայեց իր «Խոհք եւ Խօսք» հաւաքածոն։ 1918ի Մայիսին յաջողեցաւ վերադառնալ Պոլիս, բայց քանի մը ամիս ետք՝ Նոյեմբեր 19ին, առյաւէտ փակուեցան խորաթափաց ու խոհուն աչքերը հայ ժողովուրդի ու հայոց Հաւատքի հանրագիտակ Պատրիարքին։
Ինչպէս որ հայ բեմի մեծատաղանդ վարպետ Վահրամ Փափազեան վկայած է՝
«Սրբազանը, շնորհիւ իր պատրիարքական գայիսոնի, եթէ չկարողացաւ կասեցնել եւ չէզոքացնել հայ մտաւորականութեան բնաջնջումը Տաճկաստանում, գոնէ կարողացաւ հեռացնել այդ աղէտը, որքան կարելի էր...
«Օրմանեանը այն դէմքերից էր, որոնք մեր ազգի չարքաշ պատմութեան դժուարին ռոպէներին կարողացել են խարիսխ դառնալ մեր ցեղի տարուբեր նաւին եւ զերծ են պահել նրան նաւաբեկութիւնից»:
Ն.