Երէկ՝ Նոյեմբերի 27ին, Հայաստանի մէջ հանդիսաւորապէս ոգեկոչուեցաւ հայ ժողովուրդի հանճարեղ դէմքերէն Եղիշէ Չարենցի մահուան 75ամեակը։
Բնական մահով չվախճանեցաւ հայ գրականութեան յեղափոխաշունչ երգիչը։
Խորհրդային Միութիւն կոչուած Չարիքի Կայսրութիւնը, բառին ուղղակի եղերական իմաստով, բրտօրէն պոկեց հազիւ քառասնամեայ հայ հանճարին կեանքի թելը։


Ռուսական մեծ յեղափոխութեան եւ այսպէս կոչուած «պրոլետարիատ»ի «Խելագար ամբոխներուն» ամէնէն բոցաշունչ երգիչը, փաստօրէն, զոհ գնաց նոյնինքն իր պաշտած ու գովերգած... Կարմիր «հրաբորբոք արեգակ»ին։
Հայաստանի անկախութիւնն ու ազգային պետականութիւնը ոտնակոխած ու կործանած խորհրդայինները, իրենց հայազգի ձեռնասուններուն միջոցաւ, 1930ականներու երկրորդ կիսուն ի գործ դրին հայ ժողովուրդի գլխատման՝ հայութեան սերուցքի բնաջնջման իրենց մոլագար ոճիրը։
Քսաներորդ դարուն հայութեան դէմ պետականօրէն գործադրուած այդ երկրորդ եղեռնին՝ մշակութասպանութեան գլխաւոր զոհերը եղան ինչպէս Ամենայն Հայոց Խորէն Մուրադբէգեան խեղդամահ Կաթողիկոսի ու Հայաստանի Կոմկուսի Ա. քարտուղար Աղասի Խանճեանի օրինակով հոգեւորական ու քաղաքական առաջնորդ դէմքեր, այնպէս ալ մտաւորական-գրական մեր սերուցքին ամէնէն վաւերական դէմքերը հանդիսացող Եղիշէ Չարենցի ու Ակսէլ Բակունցի մեծութեամբ ազգային անփոխարինելի արժէքներ։
Եւ որքան կը թաւալի ժամանակը, այնքան կը շեշտուի ծանր կորուստը անզուգական Չարենցին, նոյնպէս եւ անոր ճակատագրակից հայ նահատակներուն։
Չարենցի հողեղէն մարմինը կրցան սպաննել հայանուն պոլշեւիկները, բայց չկրցան խեղդել հայ ժողովուրդին «Ճանապարհի Գիրք» տուող Չարենցեան շունչը։
Այդպէ՛ս, իր դարո՛ւ ոգին մարմնաւորեց Չարենց, որ ինչպէս ամէն իրա՛ւ մեծութիւն՝ նաեւ վեր սլացաւ իր ժամանակաշրջանէն ու բոլոր դարերուն պատգամ ունեցող հանճարեղ բանաստեղծի յաւերժութիւնը նուաճեց։
Եղիշէ Չարենց ծնած էր 1897 թուի Մարտ 13ին, Կարսի մէջ։ Իր ծնողներուն բնակավայր պարսկական Մակու քաղաքը իբրեւ ծննդավայր երգած Եղիշէ Աբգարի Սողոմոնեանը, հազիւ պատանի դարձած, արդէն գիտակից էր ի վերուստ իրենց շնորհուած հանճարին։
Նաեւ իր ապրած ժամանակաշրջանը՝ աշխարհաւեր Առաջին Աշխարհամարտով, հայ ժողովուրդը զգետնող Մեծ եղեռնով եւ նոր դարաշրջանի յոյսը աւետող Ռուսական յեղափոխութեամբ եղաւ այնպիսին, որ քսանամեայ Եղիշէ Չարենցին մէջ յաղթահասակ կանգնեցաւ բոլոր ժամանակներուն իր պատգամը ունեցող մեծ բանաստեղծը։
Կեանքը երգի վերածեց եւ երգեց այն, ինչ որ բոլոր ջիղերով զգաց ու ապրեցաւ։
Ինքնամփոփ ու ինքնակեդրոն բանաստեղծի տեսակն ու կեանքը անհաղորդ եւ անյարիր մնացին Չարենցի համար։
Սէրն ու գեղեցիկը երգեց այնպէ՛ս, ինչպէս որ կեանքի մէջ զգաց ու ապրեցաւ։ Եւ որքան բուռն ու անկաշկանդ եղաւ սիրային իր կեանքը, այնքան յուզական եւ վարակիչ դարձաւ սիրոյ իր երգը։
Հայ ժողովուրդի անցեալն ու ներկան, «Մահուան Տեսիլ»ն ու «Էպիքական Լուսաբաց»ը ընկալեց եւ երգեց բոլոր ժամանակներուն ու հանուր մարդկութեան իր ուրոյն պատգամը փոխանցելու Չարենցեան տարողունակութեամբ ու ահագնութեամբ։ Խորշանքով դիտեց եւ կատաղօրէն մերժեց գաւառայնութեան ու գաւառամտութեան ամէն երանգ ու հակում, որովհետեւ հայկականին եւ հայրենականին մէջ յայտնագործեց դարերէն եկող ու դարերուն գացող մարդկային մեծ ժառանգութիւնը։
Տարբեր ներաշխարհ եւ իմացական խռովք չէր կրնար ունենալ Չարենցի հանճարով օժտուած յեղափոխաշունչ քերթողը, որ իր արարած ամէն տողին եւ երգին մէջ ներքին հուր դրաւ՝ նոր հորիզոն բանալու ամբողջական գիտակցութեամբ։
Աւելի քան սպասելի էր, հետեւաբար, որ միեւնոյն կիրքով ու թափով Չարենց փարեցաւ «Ամբոխները Խելագարուած» շղթայազերծած պոլշեւիկեան յեղափոխութեան։ Որքան իր երգով հաւատաց նոր աշխարհի մը կերտումին, նոյնքան համոզումով փարեցաւ յեղափոխական կենդանի պայքարին իր շունչը միախառնելու քաղաքացիական առաքելութեան։
Խորունկ համոզումներու եւ վարար յուզականութեան մեծ երգիչն էր Չարենց, որ հայ իրականութեան մէջ անկաշառ աւետաբերը դարձաւ «Պայծառ Գալիք»ին։
Եւ որքան մեծ ու սրտաբուխ եղաւ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան իր պաշտամունքը, նոյնքան մեծ ու անհակակշռելի դարձաւ խորհրդային ամբողջատիրութենէն իր հիասթափութիւնը։
Իր կեանքով ալ վճարեց ծանրագոյն գինը գաղափարական իր այդ շրջադարձին, երբ «երկաթ»ն ու «պեթոն»ը ներբողելու իր խանդավառութեան վերջակէտ դրաւ ու հակեցաւ «Գիրք Ճանապարհի»ի ծանրախոհ դասերուն եւ պատգամներուն վրայ։
Հայաստանի «արեւահամ բառը սիրելու» Տաղարանով հայ քերթողութեան բարձունքը մագլցած Չարենցը, երբ կռնակ դարձուց «Լենինն ու Ալին» գովերգելու իր խանդավառութեան, բանտարկութեան մէջ եւ չարչարանքի տակ անգամ շարունակեց յեղափոխաշունչ իր երգը՝ «Ով հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» պատգամով բաժնուելով մեր աշխարհէն։
Կþանցնին ժամանակները, կու գան ու կþերթան ամէնէն ահեղ կայսրութիւններն անգամ, բայց անկորնչելի կը մնան դարու ոգին մարմնաւորող իրա՛ւ մեծութիւնները, որոնք նաեւ այժմէական շունչ կը հաղորդեն իրենց յաւերժական ներկայութեան։
Չարենց այդպիսի՛ մեծութիւն է։

Ն.