Ուրբաթ 30 Նոյեմբերի «Ազատ Օր»ի Յուշատետր սիւնակով անդրադարձ մը կատարեցինք Տիգրան Երկաթի (Կարապետ Պիլեզիկճեանի) կեանքին ու գործունէութեան:


Ինչպէս յայտնի է Տիգրան Երկաթ երկար ժամանակ գործեց Յունաստանի մէջ, որոշ ընդմիջումներ կատարելով դէպի Փարիզ։ Ան Յունաստանի մէջ իր գործօն աջակցութիւնը բերաւ 1897ի կրետական ապստամբութեան եւ անոր հետեւող յոյն-թրքական պատերազմին, ինչպէս նաեւ «Էթերիա» քաղաքական կազմակերպութեան որպէս անդամ: Տիգրան Երկաթ հետեւողական աշխատանք կատարեց յոյն եւ հայ յեղափոխականներու միջեւ մերձեցում առաջացնելու համար:
Հայեւհելլէն մերձեցումին վերաբերեալ Տիգրան Երկաթի խորհրդածութիւններէն շահեկան էջ մը կþարտատպենք ստորեւ.-

Տիգրան Երկաթի մտածումներէն

1896 Հոկտեմբեր 7-ին Աթէնքի Պառնասոս գրական ակումբին մէջ, հելլէններուն ուղղուած ճառով մը կþըսէ (քաղուած «Անահիտ»էն).-
«... Ձեր միտքը այնքան արագաշարժ է, որքան ձեր մարմինը. հակամէտ էք մարդկային մտածման բոլոր խնդիրներն ուսումնասիրելու, բայց ամենէն աւելի յստակ գաղափարները կը սիրէք։
... Արեւելքը, առանց ձեզի, թախծագին պիտի ըլլար։
... Այսպէս՝ կը ցանկանք ձենէ դուրս տարածել ինչ որ ձեզ ամէն բանէ աւելի կը խանդավառէ,- ազատութիւնը։ Մենք հայերս՝ ձենէ աւելի ճիշդ կը տրամաբանենք, բայց դանդաղ կը տրամաբանենք։ Ինչ որ ալ ըլլայ, տեղ մը որ գործ մը որոշենք, զայն  ի գլուխ կը հանենք կորովով մը, ուր մոլեգնութիւն կը խառնուի եւ որ վհատիլ չի գիտեր։
... Դո՛ւք ալ, մենք ալ հրաբխային հողի զաւակներ ենք։ Բախտը մեր երկու ազգերուն խնայած է բռնապետներու կառավարութեան նպաստաւոր եղող ընդարձակ դաշտերու ձանձրոյթին մէջ մեծնալը։
... Արարատի բարձրադիր սարահարթէն մեծ գետեր կþիջնեն, Տիգրիս, Եփրատ, Երասխ, Ալիս. այդ ճամբաները, որոնցմէ յաճախ արշաւողը մեր երկիրը կը մտնէ, մեր հայրերը կը հրաւիրէին օտար երկիրներ երթալու, որպէսզի իրենց բերքերուն աւելորդը այնտեղ ծախեն։ Երկու սաստիկ ձմեռներու մէջտեղ Հայաստանը կը ծաղկի ներուժ կորովով մը։ Կարճատեւ բայց յորդառատ են իր գարուններն ու աշունները։ Բոլոր զառիթափներուն վրայ, ուր ձիւնը նոր հալած, անհամար հօտերու կեանքի ճիչը կը խառնուի անուշահոտութեանը ծաղիկներու, զոր բուսաբանն այլուր չի գտներ։ Օդը կը թնդայ խրխնջիւնովը ձիու մը, որ ուրախ է գետնափոր ախոռէն դուրս ելլելուն, ուր ամբողջ ձմեռը փակուած մնաց։ Հովը յամրօրէն կը պտըտցնէ ժայռերուն մէջ բարձր պառկած հովուի մը ձայնը կամ պարերգը գեղջկուհիներուն, որոնք գետին եզերքը ճապուկ ոտքով լուացքի լաթերը կը ծեծեն։ Մեր հայրերը ազատօրէն կը քաղէին պտուղները, կաթնեղէններն ու հօտերու բուրդը, երկաթի հանքերը ճարտար դարբիններ կ'արտադրէին։ Մեր հայրերը կարաւաններ կազմեցին։ Տիկեր ուռեցուցին ու անոնց վրայ լաստեր դրին։ Իրենց ցուրտ երկնքին տակ անապատի ուղտերն ընտելացուցին, զորոնք այս նոր կլիմային պատշաճեցնելու համար բնութիւնն անոնց բրդոտ երկայն մազեր տուաւ, ինչ որ չունին Արաբիոյ ուղտերը։
«... Անկից ի վեր յունական գաղափարներու հոսանքը այլեւս անդադար անցաւ ու դարձաւ մեր լեռներուն մէջ։ Տիգրանի օրով, համաձայնութիւնը կատարեալ էր. Յունաստանի աստուածները, արձանները, սոփեստները, դերասանները հիւրընկալուեցան Տիգրանակերտ ու Արտաշատ։ Աթէնք, Միհրդատ եւ հայոց թագաւորը մեծ ճիգի մը մէջ միացան Հռոմի աշխարհակալութեանը դէմ։ Յունաստան արդիւնքը կը քաղէր այն մտաւորական ազդեցութեան, զոր Ասիոյ մէջ տարածած էր։ Անոնք, զոր կրթած էր իր զգացմանց ու մտածմանը համեմատ, հելլենականութեան ախոյեանները դարձան։
... Ընդհակառակն, մինչեւ այսօր մեր ցեղին հնագոյն կարողութիւնը կը պահենք. ինչ ալ ըլլան գալիք հաւանականութիւնները, մենք լրջօրէն վախնալու բնաւ պատճառ չունինք այն ժողովուրդներէն, որոնք բանակներ ունին, բայց զուրկ են այն յատկութիւններէն, որոնցմով մենք ժամանակն ու մարդիկը կþարհամարհենք։
... Երկու ոգիները զիրար փոխադարձաբար կը զօրացնէին. մերը ձերինէն փոխ կ'առնէր նրբացում մը առանց որուն ծանրադանդաղ պիտի մնար. ձերը մերինին շփումովը՝ նրբամոլութիւնները արհամարհող ու առնական կորով մը կը շահէր։
... Կրօնքի համանմանութիւնը գեղարուեստական ճաշակներու համանմանութիւնը յառաջ բերաւ։ Մեր եպիսկոպոսները Կ. Պոլսոյ եւ Փոքր Ասիոյ յունական դպրոցներուն մէջ կրթուեցան. Աւետարանը թարգմանեցին յունական բնագիրներու վրայէն, Պղատոն ու Արիստոտել ուսումնասիրեցին։ Մեր պարբերութիւնը իր ձեւին մէջ յունական դարձաւ առանց հայկական մտածումն ատով նեղելու։
... Միստիքականութիւնը, որ մթին մտքերու մէջ եւ բռնապետական կառավարութեանց տակ կը զարգանայ, երբեք լուրջ ներգործութիւն մը չէ ունեցած մեր ուղեղներուն վրայ։ Հայ դասականները ամէնքն ալ յունական դպրոցին մէջ կազմուած են, եւ անոնց գլխաւորներուն՝ Եղիշէի, Փարպեցիի, Եզնիկի, Փաւստոսի քով կը գտնենք աս նախասիրող յատկութիւնը. ծանրախոհ վեհութիւն մը՝ վայելչութեամբ խառն։ Պէտք ունի՞մ ըսելու որ ճիշդ այդ տպաւորութիւնն է, որ կը կրկնենք ի տես Ակրոբոլի մարմարներուն։
... Բիւզանդական որմանկարները մեր եկեղեցւոյն պատերը զարդարեցին, յունական մեղեդիներ սաղմոսերգուեցան. ուրիշներ, աւելի թաւ, զոր մեր քահանաները շարադրած էին, Կ. Պոլսոյ մէջ սորվեցան։ Այսպէս, կանուխէն հայերը գնահատեցին բիւզանդական գմբեթին ամրապնդութիւնը, բայց զայն չընդունեցան իբրեւ գլխաւոր զարդ։ Իրենց ճարտարապետութիւնը պահեց իր անկախութիւնը, որ իրենց իբրեւ յատկանշական մոթիֆ ունէր սրածայր տանիքով բոլորշի կամ քառակուսի աշտարակ մը։ Այս անկիւնաւոր սրածայր կատարը, որ Արարատի գագաթը կը խորհրդանշէ, կը կրկնուի մեր վարդապետներուն սեւ մետաքսէ վեղարին ու մեր քահանաներուն թաղեայ փակեղին մէջ։
... Եթէ համայնազնին ակնարկ մը նետենք տասներորդ դարուն վրայ, կը տեսնենք որ յոյներուն եւ հայերուն սերտ դաշնակցութիւնը իրեն արդիւնք ունեցաւ անոր փայլ մը եւ զօրութիւն մը տալ, զոր կորսնցուցած էր յորմէհէտէ արաբը Անատոլուի նահանգները, Եգէականի ծովափունքներն ու գրեթէ բոլոր կղզիները գրաւած, Կ. Պոլիսը երկու անգամ պաշարած եւ Սելանիկն ու Կրետէն առած էր։ Զուգայարդար յարձակման մը հետեւանքով, մահմետականները վանուեցան այդն բոլոր դիրքերէն, ուր զօրք կը պահէին. Տաւրոսի վրայ ետ մղուեցան, Կիլիկիայէն դուրս հանուեցան, Անտիոքը ազատուեցաւ, Սելանիկը նորէն յոյներուն ձեռքը անցաւ, վերջապէս՝ մեծ ճիգէ մը յետոյ՝ Կրետէն փրկուեցաւ։ Միեւնոյն ատեն, Մակեդոնիան հելլենական ազդեցութեան շրջանակին մէջ կը մտնէր. պուլկարները ետեւէ ետեւ մէկ քանի անգամ պարտուած, իրենց ցաւակցութիւնները կը սահմանափակէին՝ միայն Դանուբի հովիտը ձեռքերնին պահելու։ Այսպէս, մեր երկու ազգութիւնները իրարու վրայ կռթնելով, կրօնքի, վաճառականութեան պատերազմներու խանդավառութեան մէջ միացած, անկորուստ պահեցին, փառաւոր գործակցումով մը, ժառանգութիւնը այն յատկութիւններուն, որոնց այսօր աւանդապահներն ենք մենք»։

Կարծիքներ Տիգրան Երկաթի մասին

Տիգրան Երկաթ հայ հասարակութեան քիչ ծանօթ է. այն ամօթխած ծաղիկներուն պէս էր, որոնք իրենց բուրումներովը կը լեցնեն ձորերը ու ծործորները եւ իրենք լուռ ու թաք կը մնան։ Քրմական թերաստուերի մը մէջ նուիրականօրէն առանձնացած, իր փխրուն ու թափանցիկ մարմնին մէջէն, դառն կսկիծով ու մարտնչողի սրտմութիւնով կը հետեւէր հայրենի աշխարհի մէջ կատարուած ահաւոր տռամին, արտակարգ ճակատագրի մը խաղերուն եւ կոյր քմահաճոյքներուն։
... Տիգրան Երկաթի մէջ, իբր մարմնացած բողոք, կար յեղափոխութեան փոթորիկը, պաշտումը դիւցազնագործութիւններու, քնքուշ հոգիով մը շրջանակուած։
... Ճակատագրական մեծ հարցանիշ մը դնելէ եւ իր երիտասարդ հոգիի մարգարէութիւնը ու արհամարհանքը նետելէ յետոյ սուլթաններու կայսրութեան արիւնոտ ճակտին, այդ ազազուն այլ խոհուն եղէգը, մարեցաւ 29 տարեկան աստղի պէս, որ քանի հորիզոնին կը մօտենայ՝ այնքան աւելի կը պայծառափայլի։

«Դրօշակ», 1900 Մարտ