Նոյեմբեր 27ի այս օրը, 61 տարի առաջ, Փարիզի մէջ առյաւէտ փակուեցան խստաբիբ աչքերը Հայ Յեղափոխականի ամբողջական կերպարին Դաշնակցական շունչը մարմնաւորած Ռուբէն Տէր-Մինասեանի։


Հայ ժողովուրդի սփիւռքեան սերունդներու ազգային-քաղաքական հասունացումը հունաւորած գաղափարի մարտիկներու շարքին կ'առանձնանայ ճառագայթող դէմքը Ռուբէնի, որ իր անսակարկ զոհաբերութեամբ, գաղափարապաշտ նկարագրով եւ արի գործքով վճռորոշ ներդրում ունեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային մարտունակութեան եւ Հայկական Արեւելումի յայտնաբերման ու հիմնաւորման մէջ։
Դաշնակցութեան պայծառ դէմքն ու խրոխտ նկարագիրը մարմնաւորող մեծութիւններէն է Ռուբէն Տէր-Մինասեան։
Ամէն բանէ առաջ եւ վեր անձնուրաց ֆետայիի ու գաղափարի մարտիկի հսկայ մըն է Ռուբէն, որ հայ ազատագրական շարժման ոգին՝ գաղափարական ու բարոյական ուժը ոչ միայն ամրապնդեց յեղափոխական իր երկարամեայ գործունէութեամբ, այլեւ սրբազան հաղորդութեան պէս ջամբեց հայոց սերունդներուն՝ հայ ազատագրական շարժման ամէնէն ընդգրկուն յուշագրութիւնը ժառանգ ձգելով։
Եւ ըստ ամենայնի, իր կեանքով ու գործով, յատկապէս Հայաստանի անկախութեան կերտումին, հայացման եւ պետական կազմակերպման մէջ իր ունեցած բախտորոշ դերակատարութեամբ, Ռուբէն բառացիօրէն իր դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ քսաներորդ դարու առաջին յիսնամեակի վերիվայրումներուն վրայ։
Սեփական կեանք չունեցաւ Ռուբէն՝ այնքա՜ն քանքարաւոր իր անհատականութիւնը լիարժէք դրսեւորելու եւ անձնական ինքնահաստատման ասպարէզ մը նուաճելու իմաստով։ Նոյնիսկ երբ ընտանիք կազմեց, մնայուն ու սեփական երդիք չունեցաւ, այլ բոլորով շրջեցաւ երկրէ երկիր՝ առժամեայ բնակութիւն հաստատելով հոն, ուր Դաշնակցական Գործը տարաւ զինք։
Երիտասարդ տարիքի իր ողջ ներուժը անմնացորդ նուիրաբերեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարին՝ Կարսի հնոցին եւ Վանի յեղափոխական բնօրրանին մէջ իր կազմաւորումէն մինչեւ Սասնոյ ազատամարտին ղեկավարումը (1907էն սկսեալ) ու Տարօնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն զինուորական հրամանատարութիւնը՝ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն։
Յեղափոխական յանդուգն գործիչի, գաղափարի աննկուն մարտիկի եւ քաջարի հայդուկապետի իր մեծ կենսափորձն ու հասունութիւնը Ռուբէն ամբողջապէս եւ արժանաւորապէս նուիրագործեց՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջաններէն մէկուն, 1917էն 1922 երկարող տարիներու ծանրակշիռ վերիվայրումներու յաղթահարումին։ Եղաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչներէն եւ մեծագոյն ներդրումներէն մէկը ունեցաւ հայոց նորաստեղծ պետականութեան հիմերու ամրապնդման մէջ՝ իր անունին կապելով Հայաստանի հայացումը, հայոց բանակին հզօրացումը եւ հայրենի պետականութեան ամրոցին մաքրագործումը ներքին ցեցերէն՝ թուրք-թաթար թէ հայանուն խռովարարներէն։
Ռուբէնի կեանքին ու մեծագործութեան դափնեպսակը կազմեց, տարագրութեան շուրջ երեսնամեայ երկարատեւ շրջանին՝ 1922էն 1951, հայ ազատագրական շարժման ազգային-քաղաքական, յեղափոխական-գաղափարական եւ կազմակերպական-բարոյական աւանդներուն բաց ճակատով ու խորասոյզ հայեացքով տէր ու արթուն պահակ կանգնելու մտաւորական մեծ թռիչքը։
1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր ժողովին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընտրուած Ռուբէնը մինչեւ մահ մնաց ու գործեց այդ պատասխանատուութեան վրայ՝ դաշնակցական սկզբունքայնութեան, հետեւողականութեան եւ ինքնահաւատարմութեան անզուգական դրօշակիրն ու յառաջապահ Ուսուցիչը հանդիսանալով։
Ռուբէն իր քաղաքական գրականութեամբ ուղղակի ճամբայ հարթեց եւ գալիքի ուղին հունաւորեց՝ Հայաստանի խորհրդայնացման հետեւած հայ քաղաքական մտքի խոր պառակտման ժամանակաշրջանին։ Ան դրօշակիրը դարձաւ հայակեդրոն արեւելումի ռազմավարութեան՝ այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ ազգային ու ապազգային, ժողովրդավարական եւ ամբողջատիրական, յեղափոխական ու քաղքենիական հոսանքներու եւ արեւելումներու միջեւ սաստկացած գաղափարական սուր պայքարները ահաւոր զառիթափի մը մատնած էին հայաշխարհը՝ բարդուելով Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան աշխարհասփիւռ բեկորներու հաւաքման, հայապահպանման, ինքնակազմակերպման ու վերականգնման ինքնին դժուարին գոյապայքարին վրայ։
Ռուբէնի «Յեղափոխականի մը յիշատակները» եօթհատորեակը, «Հայաստան՝ միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ» գիտաշխատութիւնը, «Հայ-թրքական կնճիռը», «Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը» եւ միւս անկորնչելի գործերը բառին բուն իմաստով այբբենարան դարձան ամբողջ սերունդներու համար եւ կը շարունակեն, իբրեւ այդպիսին, ուղի լուսաւորել նաեւ մեր օրերուն։
Հայ Յեղափոխականի ամբողջական կերպարին Դաշնակցական շունչը իր կենդանի օրինակով ապրեցուցած հսկայ մը եղաւ Ռուբէն Տէր-Մինասեան, որ 61 տարի առաջ, Նոյեմբերի այս օրը, հեռացաւ մեր աշխարհէն։
Ախալքալաքի ծնունդ էր կարնեցիի իր արմատներուն ամրօրէն կառչած այս Մեծ Հայը, որ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի եւ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի մէջ ստացաւ իր ուսումը՝ թրծուելով ատենի ազգային¬յեղափոխական այդ երկու մեծ հնոցներուն մէջ։
Հազիւ 21 տարեկան էր Ռուբէն, երբ իր սերունդը ոգեշնչած «Սահմանը անցնելու» հաստատակամութեամբ մուտք գործեց Արեւմտահայաստան՝ «բուն Հայաստանը», ինչպէս ինք կը սիրէր շարունակ ընգծել։
«Երկիր մուտք»ի այդ առաջին քայլով իսկ վճռուեցաւ ուղին Ռուբէն Տէր-Մինասեան անուն հայոց պատմութեան մեծ ուղեւորին, որ ամբողջ կէս դար նոյնացաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ՝ միս ու ոսկորով մարմնաւորելով հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին յանդուգն յառաջապահն ու ղեկավար կամքը։
Եւ Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրումին զինուորագրուող հայորդիները, ինչպէս մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալին, նոյնպէս եւ մեր օրերուն, Ռուբէնի Գործին ու Գաղափարական Կտակին մէջ անպայման կը գտնեն ուղիղ ճանապարհը ազգային լիիրաւ վերականգնման մեր երթին։

Ն.