Փետրուար 18ը կը խորհրդանշէ ամէն կարգի  բռնակալութեանց, անիրաւութեանց եւ անարդարութեանց դէմ հայ ժողովուրդի հերոսական ապստամբութեան անմար ոգին։
92 տարի առաջ, 18 Փետրուար 1921ի այս օրը, իր անկախ հայրենիքն ու ազատ պետականութիւնը հազիւ նուաճած, բայց լենինեւքեմալ սադրանքին

Փետրուար 15ը հաղորդութեան օր է՝ Ռուբէն Սեւակի ծննդեան տարեդարձին առիթով անոր գրական անմահ ժառանգութեամբ հաղորդուելու օր է։

Փետրուար 13ին, 94 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը, որ պատմական բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներ մուտքը հունաւորելու իմաստով։

Քսաներորդ դարու հայ գրականութեան ինքնատիպ տաղանդներէն է Շաւարշ Նարդունի, որուն ծննդեան 115ամեակը կը նշենք Փետրուար 13ի այս օրը։

Արձակ բանաստեղծութիւնը եւ արեւմտահայերէնը գեղարուեստական բարձունք մը նուաճեցին Նարդունիի գրիչով։ Գրելու պարզ, խոհուն ու պատկերաւոր ոճը իր լաւագոյն ներկայացուցչներէն մէկը ունեցաւ յանձին Նարդունիի։

Այսօր՝ Փետրուար 12ին, կը նշենք ծննդեան 78րդ տարեդարձը քսաներորդ դարու հայ գրականութեան հսկաներէն Հրանտ Մաթեւոսեանի։

Հայոց երկրին եւ հայու հոգիին կախարդանքը վերծանող ու աստուածատուր նշխարի պէս աշխարհին մատուցող մեծատաղանդ արձակագիրն է Հրանտ Մաթեւոսեան։