Այսօր՝ Յունուար 18ին, կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆին, որ անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիիրաւ ազատագրութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով։

Հալածանքներ, սպառնալիքներ, կրաֆիթիներով պատերուն վրայ գրուած վիրաւորական խօսքեր, գերեզմաններու պղծումներ, հայերու սպանութիւններ։ Արդեօք ի՞նչ փոխուած է վեց տարի առաջ Հրանդ Տինքի սպանութեան առաջնորդած մթնոլորտէն։

Յունուար 17ի այս օրը, 96 տարի առաջ, հնաւանդ Շուշիի մէջ ծնաւ արձակագիր ու թատերագիր, բազմավաստակ ուսուցիչ եւ թատրոնի գործիչ Իսահակ Սերգէյի Ալավերդեանը։
Մեր սերունդները ծանօթ չեն Ի. Ալավերդեանի կեանքին, գործին ու վաստակին, որ այնքան հիմնական ներդրում ունեցած է ատրպէյճանեան լուծի տակ

16 Յունուարի ծնունդ է հայ գրականութեան անմահներէն Մատթէոս Զարիֆեան, որ իր գողտրիկ եւ քնքուշ քնարերգութեամբ կը յուզէ ու կը գեղեցկացնէ ներաշխարհը բոլոր ժամանակներու ընթերցողին։

Յունուար 15ին, 158 տարի առաջ, Փարիզի մէջ սկսաւ հրատարակութիւնը երկլեզու՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն թերթի մը, որ կը կրէր «Մասեաց Աղաւնի» խօսուն անունը։