Այսօր՝ Փետրուար 12ին, կը նշենք ծննդեան 78րդ տարեդարձը քսաներորդ դարու հայ գրականութեան հսկաներէն Հրանտ Մաթեւոսեանի։

Հայոց երկրին եւ հայու հոգիին կախարդանքը վերծանող ու աստուածատուր նշխարի պէս աշխարհին մատուցող մեծատաղանդ արձակագիրն է Հրանտ Մաթեւոսեան։

Հողի մարդոց եւ շնչաւոր երկրի խորհուրդներով, ցաւերով եւ յոյսերով, խոնջանքով ու երազներով հաղորդուելու հոգեպարար առիթը կþընձեռէ մեծն Հրանտի ծննդեան տարեդարձը։

Հրանտ Մաթեւոսեանի վերծանած խորախորհուրդ աշխարհը լաւագոյնս խտացուցած է մեծ գրողը ինք.- 

«Մաճ եմ բռնել, խոտ հնձել, կով ծնեցրել, պատուաստ դրել... Առասպելի ջրհեղեղը եթէ կրկնուէր՝ Նոյան պէս կարող էի վերստեղծել հողագործութեան եւ անասնապահութեան մեծ մշակոյթները, ¨ մարդկանց յիշողութիւնը եթէ յանկարծ խաթարուէր, ազգականներիս ու երկրացիներիս այն օրերի վարքից կարող էի նորից ժողովել մարդկային բարոյականութեան օրէնսգիրքը: Այդ ամէնի համար պարտական եմ այն հին Ահնիձոր գիւղին, ուր տասնհինգ տարի եմ անցրել»:

«... Պատմութիւնը ազգերի ու ժողովուրդների ճանապարհին նստած սֆինքս է, որ անցած ուղիներիդ դասը չի հարցնում - փորձում է իրենից՝ այսօրից անցնելու, գալիքին ոտք դնելու կամքդ»:  

Այսպէս, Հրանտի գրականութեամբ, մենք ունեցանք հայոց երկրին եւ հայու հոգիին մարդկայնականի ու բարութեան պաշտամունքով յագեցած պարզ ու խոր համանուագը։

Մաթեւոսեան գրողը։ Իր առաջին հրապարակումով իսկ՝ 1961ին լոյս տեսած «Ահնիձոր» ակնարկով, գրաւեց ուշադրութիւնը բոլորին՝ թէ՛ նոր ու թարմ շունչի սպասող գրական քննադատներուն, թէ՛ ստալինեան արհաւիրքէն վարանոտ քայլերով դուրս եկող եւ երկաթէ վարագոյրէն անդին սեւեռող ընթերողներուն եւ թէ, մանաւա՛նդ, խորհրդային ձիւնհալը դեռ չմարսած ու սահմանախախտները կարգի հրաւիրելու սովորամոլութեան կառչած իշխանաւորներուն։

Գիւղագիր չէր Հրանտ Մաթեւոսեան, թէեւ որոշապէս իր ծննդավայր Ահնիձորն ու հայրենի հողին հետ նոյնացած հայ գեղջուկը միշտ ներկայ եղան իր գրականութեան կիզակէտին։ Քսաներորդ դարու համամարդկային եւ հայոց ազգային մեծ խնդիրներուն բացուած արդիական գրողը եղաւ Մաթեւոսեան, որ իր վկայութեան իրաւութիւնն ու վաւերականութիւնը խարսխեց իր ծննդավայր գիւղին եւ անոր անհունօրէն բարի մարդոց կենսափորձին ու յուզաշխարհին վրայ։

Իբրեւ այդպիսին՝ դժուար կարդացուող հեղինակ եղաւ Մաթեւոսեան։ Թէեւ «Մենք եւ մեր սարերը», «Բեռնաձիեր»ը, «Խումհար»ը, «Օգոստոս»ը, «Աշնան արեւ»ը, «Գոմէշ»ը, «Մեսրոպ»ը, «Ալխօ»ն, «Ծառերը», «Մեր վազքը» եւ բազմանուն պարզ ու բնական երեւոյթներ նիւթն ու խորագիրը կազմեցին Մաթեւոսեանի վիպակներուն, բայց այդ բոլորին մէջ Հրանտ դրաւ այնքան բան ու խոհ, յոյզ եւ ձայն, որ լեզուամտածողական իսկական համանուագի մը վերածուեցաւ Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութիւնը՝ ընթերցողներէն ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի մեծագոյն լարում պահանջելով։

Իսկ Հրանտ Մաթեւոսեանի գործերուն լարուած ընթերցումը միշտ ալ պարգեւատրուեցաւ իր առթած հոգեկան ու մտաւորական գերագոյն բաւարարութեամբ։

Լոռուայ աշխարհի բացառիկ այս տաղանդը ծնած էր 1935ին։ Ինչպէս որ ինք հետագային պիտի նշէր հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հրանտ 15 տարեկանին դուրս եկաւ իր ծննդավայր Ահնիձորէն եւ մեծ քաղաքի բնակիչ դարձաւ։ Բայց 15 տարիներու այդ կեանքը Հրանտին շնորհեց հայոց երկրին եւ հայու հոգիին այնքան հարազատ, բազմակողմանի ու խոր ճանաչողութիւն, որ հետագայ գրողը կարողացաւ իր սեփական ծննդավայրի պրիսմակէն դիտել ու արժեւորել մեծ քաղաքներու եւ, աւելի լայն ընդգրկումով, մեծ աշխարհի խնդիրները։

Համալսարանական կրթութեան եւ մասնագիտական պատրաստութեան իմաստով՝ Հրանտ Մաթեւոսեան բաւարարուեցաւ Երեւանի մանկավարժական հիմնարկի պատմալեզուաբանական բաժանմունքը 1962ին աւարտելով, իսկ 1966-67ին Մոսկուայի մէջ շարժանկարային բեմագրութեան բարձրագոյն դասընթացքներու հետեւելով։

Հազիւ երիտասարդ, Հրանտ Մաթեւոսեան պարտաւորուեցաւ գործի ասպարէզ նետուիլ, եղաւ գրաշար, ապա՝ «Սովետական Գրականութիւն» եւ «Գրական Թերթ» պարբերականներու սրբագրիչ աշխատեցաւ։ Մոսկուա իր կեցութիւնը օգնեց, որպէսզի ակնարկներով, պատմուածքներով եւ բեմագրութիւններով ազատ աշխատակից դառնայ խորհրդային համամիութենական մամուլին, հռչակի տիրանայ եւ այդ ճամբով, պատուեգիներով, ապահովէ իր հանապազօրեայ հացը։

Արցախեան շարժման շղթայազերծման շրջանին Մաթեւոսեան իր ձայնը միացուց համաժողովրդական ալիքին գլուխը կանգնած գրողներուն եւ մտաւորականներուն։ Եթէ մինչ այդ Հրանտ Մաթեւոսեան քաղաքացին արդէն իր ուղին գտած էր իբրեւ խորհրդային ամէն կարգի կաշկանդումներուն եւ անարդարութիւններուն հակադրուած այլախոհական, 1988էն ետք աստիճանաբար ի յայտ եկաւ «հայոց աւագ»ի պատասխանատուութեան զգացումը Մաթեւոսեանի մօտ։ Իբրեւ 1990ին ընտրուած խորհրդարանի անդամ թէ 1995էն 2000 Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ, Հրանտ Մաթեւոսեան իր վրայ վերցուց առաքելութիւն մը, որ աւագի դիրքէ հաշտարարի դեր ստանձնելն էր յանուն իշխանութեան սկսած նորերու աթոռակռուին մէջ։ Բայց առողջական վիճակին վատթարացումն ու մահը անաւարտ ձգեցին նաեւ Հրանտ Մաթեւոսեան քաղաքացիին այդ ինքնակամ առաքելութիւնը։

Կարելի է տարբեր ու ներհակ արժեւորումներ ունենալ Հրանտ Մաթեւոսեան քաղաքացիին ու հասարակական գործիչին մասին, բայց անկարելի է նոյնպիսի մօտեցում ցուցաբերել Հրանտ Մաթեւոսեան գրողին նկատմամբ, որ հայոց երկրին ու հայու հոգիին կախարդանքով յագեցած գրականութիւն մը կտակեց մեր ժողովուրդին ու գալիք սերունդներուն։

Պարզ ու խոր համանուագով մը լեզու տուաւ հայ մարդու անսահման բարութեան՝ մարդկային ողջ քաղաքակրթութեան մղիչ եւ յառաջատար ուժը տեսնելով բարիին յաղթանակին մէջ։

Հայ հողի մարդոց եւ շնչաւոր մեծ երկրի վերծանման իբրեւ վկայութիւն՝ Հրանտ Մաթեւոսեանի «Կանաչ դաշտ»էն առնուած հետագայ պատկերը թող խունկ վառէ իր յիշատակին. 

Կայծակը չոր ճայթիւնով բախուեց ժայռին, մի կողմ շպրտուեց եւ թաղուեց կանաչ գետնի մէջ։ Ժայռը կարծր էր, կայծակը հազիւ թէ կարողացաւ գորշ այդ ժայռից պոկել քարի մի երկու փշուր։ Ժայռի տակ կանաչ գետինը այդ հովտում ճայթող բոլոր կայծակների գերեզմանոցն էր. գարունների եւ ամառների բոլոր կայծակները թաղւում էին ժայռի տակ, եւ մօտիկ կաղնին միշտ, ամէն ճայթիւնի, վախից սրսփում եւ, իր մտքում, կաղնիօրէն շնորհակալ էր լինում ժայռին այն բանի համար, որ նա՝ ժայռը, հովիտ նետուող բոլոր կայծակները ձգում թաղում է իր տակ եւ կաղնուն փրկում խանձուելուց։

Քիչ առաջ, երբ կայծակը պտտւում էր հովտի ¨ բլուրների վրայ եւ մտածում էր ճայթել ու դեռ. չէր ճայթել, քուռակի մայրը մեղմ խրխինջով կանչեց քուռակին. քուռակի մայրը գիտէր, որ կայծակը ճայթելու է, ճայթիւնը վախեցնելու է քուռակին, իսկ քուռակը կարծեց մայրն իրեն կանչում է կուրծք տալու եւ ականջ դրեց ինքն իրեն, ականջները շարժեց - ուկնդրել սկսեց ինքը իրեն, թէ ինքն արդեօ՞ք ուզում է կուրծք ուտել, եւ այնքան էլ չէր ուզում ուտել, ուզում էր խոտերից ու ծաղիկներից հոտ քաշել - մէկիկ-մէկիկ ճանաչել խոտերը, եւ հէնց այդ ժամանակ ճայթեց կայծակը։ Քուռակը խրտնեց ու վազեց դէպի մայրը, բայց շատ էր վախեցել, մօրը չէր տեսնում, ուրիշ կողմ էր փախչում։ Մայրն ուզեց գնալ դէպի քուռակը, բայց վզի պարանը խանգարեց։ Եւ մայրը քուռակին խրխինջով կանչեց իր մօտ։

 Ն.