Մարտ 28ի այս օրը կը լրանայ 28րդ տարելիցը հայ ազգային-ազատագրական շարժման դաշնակցական դրօշակիրներէն Սարգիս Զէյթլեանի անարգ առեւանգումին։

Մարտ 27ի այս օրը կը լրանայ մահուան 90ամեակը հայ ժողովուրդի յեղափոխական հերոսապատումին եզակի դէմքերէն Արմէն Գարոյի։

 Հայ ժողովուրդի բազմադարեան հոգեմտաւոր հարտութեան եւ ազգային-հասարակական արժէքային ժառանգութեան առաքելատիպ վերանորոգիչներէն է Նիկոլ Աղբալեան, որուն ծննդեան 140րդ տարեդարձն էր երկու օր առաջ՝ Մարտ 24ին։

Մարտ 21ին կը լրանայ մահուան 71րդ տարելիցը հայ գրականութեան մէջ մնայուն իր տեղը վաստակած բանաստեղծ Վահան Միրաքեանի։
Յատկապէս իր «Լալուարի Որսը» երկարաշունչ բանաստեղծութեամբ, Միրաքեան դարձաւ հայ ժողովուրդի աւանդութեանց հարազատ երգիչը։

Մարտ 20ին հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ տարելիցը հայ ժողովուրդի պայծառ դէմքերէն Պետրոս Ղափանցիի վախճանումին։

229 տարի առաջ, Փոքր Ասիոյ հնամենի հռովմէական (արեւելեան) մայրաքաղաք Նիկոմեդիայի մէջ, վախճանեցաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երախտաշատ այս նուիրեալը։