- Details
- Category: Յուշատետր
Հայ մարդու իմացական ու յուզական աշխարհը՝ Հայու Հոգին խորապէս պեղելու եւ գեղեցկագոյն լեզուով ու ոճով արտայայտելու առինքնող արուեստին մեծ վարպետն է Կոստան Զարեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Փետրուար 2ի այս օրը։
- Details
- Category: Յուշատետր
31 Յունուարին, 48 տարի առաջ, Փարիզի մէջ վախճանեցաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Ահարոն Տատուրեան։
«Երեւոյթ» մը եղաւ Ահարոն հայ գրականութեան մէջ։ Կարծես գրեց ինքն իրեն համար։ Գրելու ուշագրաւ ձիրք ունէր՝ մշակուած լեզու, ինքնատիպ ոճ եւ խոհուն յուզաշխարհ։ Բայց բնաւ չբացուեցաւ իր ժամանակաշրջանի հանրային խռովայոյզ կեանքին ու եռեւեփող աշխարհին, այլ՝ իր տեսած, ապրած ու զգացած ամէն ինչը, բնութեան թէ մարդկային կեցութեան հետ կապուած, լեցուց իր հոգիին խորը եւ վերածեց... բանաստեղծութեան։
- Details
- Category: Յուշատետր
Աղբիւրագիտական տեղեկութեանց համաձայն՝ 30 Յունուարին լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի Մեծ Անմահներէն Մովսէս Խորենացին, որ իր բանաստեղծական վարակիչ շունչով եւ իմացական-իմաստասիրական լայն հորիզոնով՝ եղաւ հայոց Պատմահայրը եւ թեւ ու թռիչք տուաւ մեր Ազգային Ոգիին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յունուար 29ի այս օրը հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ մահուան տարելիցը իր մեծանուն զաւակներէն ԱՐԱՄի, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ արդի ժամանակներու Հայաստանի անկախութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան հիմնադիրը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յունուար 28ին աշխարհասփիւռ հայ ժողովորդը կը տօնէ Հայոց Ազգային Բանակին պաշտօնական հիմնադրութեան Օրը, որ ահա 21 տարիէ ի վեր ազգային հպարտութեան, հաւաքական կամքի ու միասնական ուժի ինքնավստահութեան եւ մարտունակութեան ապրումներով վերանորոգուելու տօնական առիթը կ'ընծայէ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայ մարդոց։