Այսօր՝ Փետրուար 5ին, աշխարհասփիւռ հայութեան հետ, ամէնուր պիտի նշէինք ծննդեան 56րդ տարեդարձը հայ երգի անմոռանալի դիցուհիին՝ Ֆլորա Մարտիրոսեանի, եթէ երկուքուկէս ամիս առաջ, 20 Նոյեմբեր 2012ին, լեղապարկի վիրահատութեան հետեւած առողջական բարդութիւնները յանկարծակի ու վերջնականապէս չընդհատէին անոր երկրային կեանքին ժամանակը...
Հայ երգի անզուգական վարպետներու փաղանգին մէջ իր բացառիկ դիրքը նուաճած արուեստագիտուհին է Ֆլորա Մարտիրոսեան, որ իր հոգեթով ձայնով, երաժշտական արուեստի մշակումով ու կատարողական շնորհներու կատարելագործումով՝ գերեց հաւասարապէս թէ՛ արուեստի քննադատները, թէ՛ իր երգով հմայուած բազմութիւնները աշխարհի չորս ծագերուն։
Ֆլորա Մարտիրոսեան ի վերուստ օժտուած էր ուղղակի սրտերուն հասնող բացառիկ ձայնով ու երգելու տաղանդով։ Ամբողջ երեսուն տարի, սիրտէ բխող իր առինքնող երգերով, Ֆլորա Մարտիրոսեան ոգեղէն սնունդ բաշխեց իր ձայնին ու արուեստին երկրպագուներուն։ Բաշխեց՝ իրեն շնորհուած աստուածային պարգեւը հայ երգի ծարաւ բոլոր հոգիներուն հասցնելու պարտքի խորագոյն զգացողութեամբ, ինչ որ դիւթական շունչ եւ թռիչք տուաւ իր ձայնին ու երգարուեստին։
Ֆլորա Մարտիրոսեանի գեղարուեստական կեանքին մղիչ ուժը հանդիսացաւ պարտքի այդ զգացողութիւնը, որուն ներշնչումով, իր վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ, պատասխանելով իրեն ուղղուած՝ «Յայտնուելով Ատծոյ առաջ, ի՞նչ կը հարցնէիք» հարցին, հայ երգի տարաբախտ վարպետը պատասխանած էր.-
«Չէի հարցնի, այլ շնորհակալութիւն կը յայտնէի, որ ինձ երգելու շնորհ է տուել: Շնորհակալ կը լինէի ինձ տուած այսքա՜ն շնորհի համար ու էլի ուժ կը խնդրէի»:
Ծնած էր 1957 թուականի Փետրուար 5ին, Կիւմրի: Հայրը մարզիկ էր։ Մայրը՝ շնորհալի ձայն ունէր։ Տան չորս զաւակներուն - երկու տղայ, երկու աղջիկ - կրտսերն էր Ֆլորա։
Դպրոցական տարիներէն իսկ, Ֆլորա կանոնաւորաբար հետեւեցաւ ձայնամարզումի եւ աւարտեց Կիւմրիի Արմէն Տիգրանեանի Անուան Երաժշտանոցը: 1973ին, մասնակցելով «Գարուն 73» մրցոյթին, 16 տարեկան երգչուհին տիրացաւ առաջին մրցանակին։ Այնուհետեւ սկսաւ հանդէս գալ «Հանրապետական» ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն՝ արժանանալով ջերմ ընդունելութեան ու մեծ գնահատանքի: Այդպէ՛ս, երաժշտական իր պատրաստութիւնը ամբողջացնելու եւ պետական երաժշտանոցին հետեւելու նպատակով՝ տեղափոխուեցաւ Երեւան:
1978ին Ֆլորա Մարտիրոսեան միջազգային բեմահարթակ բարձրացաւ՝ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ կայացած երգի միջազգային փառատօնի մրցանակին տիրանալով։ 21ամեայ երիտասարդ երգչուհիին առաջին միջազգային յաջողութիւնն էր, որուն հետեւեցան բազում նուաճումներ՝ աշխարհի վաթսուն տարբեր երկիրներու մէջ համերգային ելոյթներու արժանացնելով հայ երգի դիցուհիին։
Նոյն այդ շրջանին, Ֆլորա Մարտիրոսեանի կատարումով Գուսան Աշոտի «Ծովաստղիկը» երգը նուաճեց հայրենական երգարուեստի աշխարհը եւ 15 տարի շարունակ հռչակուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն երգը:
1989ին Ֆլորա կազմեց իր ընտանեկան բոյնը՝ ամուսնանալով լրագրող Հրահատ Գէորգեանի հետ, որ մեծ երգչուհիին ոչ միայն կեանքի ընկերը, այլեւ գլխաւոր խորհրդատուն դարձաւ։ Ունեցան երկու երեխայ։
1991ին ընտանեօք մեկնեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր չորս տարի մանկավարժական եւ ստեղծագործական գործունէութիւն ծաւալելէ ետք, Ֆլորա Մարտիրոսեան 1995ին վերադարձաւ Հայաստան՝ միաժամանակ հայրենիքի մէջ իր երաժշտական գործունէութիւնը շարունակելու որոշումով: Այդպէս, 1997էն 2001, հայ երգի վարպետը աւելի քան չորս տարի ղեկավարեց Կիւմրիի Արմէն Տիգրանեանի Անուան Երաժշտական Դպրոցը:
2002ին, Լոս Անճելըսի Հոլիվուտ եւ Պըրպէնք քաղաքներուն մէջ, Ֆլորա Մարտիրոսեան հիմնեց «Կոմիտասի Անուան Երաժշտական Դպրոցները», որոնք անմիջապէս մեծ ժողովրդականութեան եւ ամերիկեան ճանաչումի արժանացուցին հայ անուանի երգչուհիին:
2006-2007ին, առաջին անգամ ըլլալով, Ֆլորա Մարտրոսեան նախաձեռնեց եւ Հայաստանի մէջ իրագործեց «Կոմիտաս» Համահայկական Միջազգային Մրցոյթը, որուն մասնակցեցան շուրջ 2000 հայ երեխաներ՝ Հայաստանէն եւ այլ երկրներէ։
2007ին Լոս Անճելըսի մէջ Ֆլորա հիմնեց «Artists for peace» Բարեգործական Հիմնադրամը՝ նպատակ ունենալով ի մի բերել աշխարհահռչակ երգիչ-երգչուհիներ, հոլիվուտեան գերաստղներ‘ արուեստի ուժով իրենց ձայնը միացնելու եւ ինչպէս թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան, այնպէս եւ աշխարհի տարածքին կատարուած ու շարունակուող նման կարգի ոճրագործութիւններուն Ո՛Չ՝ «Այլեւս երբե՛ք» պատգամը փոխանցելու համար:
Ինչպէս որ Ֆլորա Մարտրոսեանի կայքէջը կը տեղեկացնէ, 2007ին «մեծանուն երգչուհին Կլենտէյլի «Ալեքս» համերգասրահին մէջ հանդէս եկաւ մենահամերգով, որու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ հոլիվուտեան գերաստղ Շերըն Սթոունի եղբայրը՝ բանաստեղծ ու երգահան Մայքըլ Սթոունը: Համերգին իրեց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Շերըն Սթոունը ¨ հոլիվուտեան բազմաթիւ արուեստագէտներ։
«Իսկ 2011ի Նոյեմբեր 1ին, Լոս Անճելըսի «Կիպսըն» համերգասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Artists for peace» Բարեգործական Հիմնադրամի կազմակերպած առաջին մեծ համերգը, որուն մասնակցեցան՝ Սթիվի Ուոնտըրը, Չաքա-Քանը, Էրիք Պենեթը, Պոպի Պրոունը ուրիշներ: Համերգի ընթացքին Ֆլորա Մարտիրոսեանին յանձնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Պրետ Շերմընի յատուկ պատուոգիրը՝ առ ի գնահատանք ու երախտագիտութիւն հայ համայնքին մատուցած Ֆլորա Մարտիրոսեանի առանձնայատուկ եւ անգնահատելի ծառայութիւններուն, այլեւ ու յատկապէս երգի միջոցաւ համայն աշխարհի տարածքին ի նպաստ խաղաղութեան հայ երգի դիցուհիին տարածած պատգամին»։
Բայց ճակատագիրը ապաժամ վախճան վերապահած էր Ֆլորա Մարտիրոսեանին։ Դեռ 56 տարիքը չբոլորած՝ հայ երգի դիցուհիին գեղարուեստական եռուն կեանքը վերջ գտաւ 20Նոյեմբեր 2012ին, երբ լեղապարկի սովորական վիրահատումէն ետք առաջ եկան առողջական բարդութիւններ, որոնք հայ ժողովուրդէն խլեցին-տարին անմոռանալի ձայնն ու ոգեշունչ երգը մեծն Ֆլորա Մարտիրոսեանին՝ անաւարտ ձգելով անոր Ուշտը.
- «Իմ ոչ մի համերգ ես հէնց այնպէս չեմ արել. Մի բանի պիտի ծառայեն: Իմ վերջին տարիների համերգները նուիրուած են եղել մի սրբազան ծրագրի‘ Հայոց Ցեղասպանութեանը: Ես հաւատում եմ, որ աշխարհը ճանաչելու է Հայոց Ցեղասպանության փաստը: Ա.Մ.Ն.ում համերգ եմ կազմակերպել, եւ թէկուզ այդ երկրի նախագահն այդպէս էլ չի արտաբերում «Ցեղասպանութիւն» բառը, բայց Սթիվի Ուանդերի նման երգիչն էր եկել համերգին:
«Մինչեւ վերջին շունչս պայքարելու եմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար»:
Ն.