Տարուան այս օրը՝ Մարտ 19ին կ'ոգեկոչենք մահուան տարելիցը հայ ժողովուրդի ֆետայական շարժման առասպելատիպ հերոսներէն Խմբապետ Մուշեղի։

Մարտ ամսու 17րդ օրը կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման բարոյական վեհացումին եւ յեղափոխական պայծառակերպման օրը։

Մարտ 14ին հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ մահուան տարելիցը իր ամէնէն ժողովրդական ու սիրուած քնարերգակներէն՝ անզուգական Յովհաննէս Շիրազի։

116 տարի առաջ, Մարտ 13ի այս օրը, լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի բոլոր ժամանակներու հանճարեղ բանաստեղծներէն Եղիշէ Չարենց։

Մարտ 12ին, 95 տարի առաջ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը դիմագրաւեցին մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ծանր ու օրհասական պահերէն մէկը։
Թրքական զօրքը, Վեհիպ փաշայի հրամանատարութեամբ, մտաւ Կարին (Էրզրում) բերդաքաղաքը, որ իր ռազմաքաղաքական դիրքով կը հանդիսանար ամբողջ Անդրկովկասի տիրապետութեան բանալին։