26 Յունուարին, 54 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակը՝ հայկական հրապարակագրութեան անմահ տիտաններէն եւ դաշնակցական մտքի ու առաջնորդող խօսքի անկրկնելի դրօշակիրներէն Շաւարշ Միսաքեանը։

20րդ դարու 3րդ քառորդին, արդի հայ գրականութեան մէջ իր անզուգական բարձունքը նուաճած հանճարեղ բանաստեղծն է Պարոյր Սեւակ, որուն ծննդեան 89րդ տարեդարձը կը նշենք Յունուար 24ի այս օրը։

Տարի մը առաջ, Յունուար 23ի այս օրը, յատկապէս աշխարհասփիւռ հայութիւնը ամբողջ ժամեր, լարուած ուշադրութեամբ եւ անձկութեամբ, հետեւեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին առանձնայատուկ բաց նիստին, որ յատկացուած էր Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական յանցագործութիւն եւ օրէնքով պատժելի արարք հռչակող օրինագիծի մը քննարկման ու հաստատումին։

Հայկական քանդակագործութեան ու գեղանկարչութեան լուսապսակ դէմքերու փաղանգին մէջ առաջնակարգ եւ ինքնատիպ իր տեղը ունի Երուանդ Քոչար, որուն մահուան 34ամեակը կը լրանայ Յունուար 22ի այս օրը։

Յունուար 21   1872ին, հազիւ 21 տարեկանին, թոքախտէ հիւծած, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ երիտասարդութեան սեմը դեռ նոր թեւակոխած Պետրոս Դուրեան, որ իր քնարերգական բանաստեղծութեամբ գրաւեց սիրտը մեր ժողովուրդին եւ արժանաւորապէս դարձաւ, հայ գրականութեան ոսկեմատեանի էջերուն, ցաւի ու տրտունջքի, յուսահատութեան եւ ծառացումի հանճարեղ երգիչը։