- Details
- Category: Յուշատետր
25 Փետրուարին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը նոր ժամանակներու իր աննման հերոսներէն Քաջն Անդրանիկի։
Մեր ազգային յիշողութեան մէջ Անդրանիկ կը մարմնաւորէ քաջ ու խիզախ հերոսի եւ անպարտելի մարտիկի անկորնչելի աւանդ մը, որ մինչեւ մեր օրերը ինքնավստահութեամբ եւ յանդգնութեամբ, հպարտութեամբ եւ մարտունակութեամբ կը ջրդեղէ հայոց նորահաս սերունդներու միտքն ու հոգին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Փետրուարի այս օրերուն, Ստեփանակերտէն մինչեւ հայաշխարհի հեռաւոր ափերը, մեր ժողովուրդը կը տօնէ 25ամեակը Արցախեան Շարժման հերոսական շղթայազերծումին։
- Details
- Category: Յուշատետր
21 Փետրուարին, քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան հետ, հայաշխարհը եւս կը նշէ «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը։
21րդ դարու նորամուծութիւններէն է մայրենի լեզուներուն յատուկ Օր նուիրելու համաշխարհային նախանձախնդրութիւնը։
21 Փետրուարը իբրեւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» հռչակելու որոշումը կայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։
- Details
- Category: Յուշատետր
Փետրուար 20ի այս օրը, 57 տարի առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Զարեհ Եպիսկոպոս. Փայասլեան։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նոր ժամանակներու ամէնէն սրբակեաց եւ վեհանձն հոգեւորականին՝ Զարեհ Առաջինի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրութիւնը, սակայն, զուգադիպեցաւ պատմաքաղաքական ծայր աստիճան լարուած եւ կրքոտ ժամանակաշրջանի մը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Այսօր, Փետրուար 19ին, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն Յովհաննէս Թումանեանի, որ իր կենդանութեան իսկ արժանացաւ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ի պատուանդանին։