- Details
- Category: Յուշատետր
ՀՅԴ Պատմութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հիմնուած է 1890ին, Թիֆլիսի մէջ, խումբ մը գաղափարապաշտ երիտասարդներու կողմէ, գլխաւորութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ստեփան (Ռոստոմ) Զօրեանի եւ Սիմոն Զաւարեանի:
- Details
- Category: Յուշատետր
Պոսթընի Հ.Յ.Դ. արխիւներուն մէջ գտնուող եւ 1167-89 թուահամարը կրող վերեւի այս փաստաթուղթը փոքր բացիկ մըն է, սակայն բացառիկ՝ իր պատմական արժէքով։ Հոն, կողք-կողքի կը գտնենք Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանը եւ հայկական յեղափոխութեան տաղերգու Սիամանթոն, որոնք անջատաբար բայց միեւնոյն բացիկի նեղ տարածքին մէջ սեղմած են իրենց գրութիւնները, ուղղուած Ժընեւ, «Դրօշակ»ի խմբագրութեան եւ յատկապէս Սիմոն Զաւարեանին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 1ին, 112 տարի առաջ, Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս) մէջ, 29 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին յեղափոխաշունչ դրօշակիրներէն Տիգրան Երկաթ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Նոյեմբեր 30ի այս օրը, 152 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ 38 տարեկանին ապաժամ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Նիկողայոս Զօրայեան, որ 19րդ դարու մեր Ազգային Զարթօնքին յաղթարշաւը յառաջ մղող գլխաւոր դէմքերէն մէկը՝ ամէնէն աւելի հասարակագիտական մտքի պաշարով օժտուած հեղինակութիւնը հանդիսացաւ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Նոյեմբեր 29ի այս օրը, վաթսուն տարի առաջ, մեր աշխարհէն մարմնապէս հեռացաւ հայ ժողովուրդին ներաշխարհը վերծանող մեծագոյն հայ մտաւորականներէն Լեւոն Շանթ։
Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին Աստուածներ»ով անմահացած գրողն է Լեւոն Շանթ։ Բայց ճշմարտութեան դէմ մեղանչել պիտի ըլլար միայն իբրեւ մեծատաղանդ թատերագիր յիշել այնքա՜ն բազմաշնորհ ու բազմավաստակ դէմքը Լեւոն Շանթի, որ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճեց իբրեւ թէ՛ տաղանդաշատ գրագէտ, թէ՛ ներհուն մտաւորական, թէ՛ անձնուէր հասարակական գործիչ եւ թէ՛սերնդակերտ մանկավարժ։