ՀՅԴ Պատմութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հիմնուած է 1890ին, Թիֆլիսի մէջ, խումբ մը գաղափարապաշտ երիտասարդներու կողմէ, գլխաւորութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ստեփան (Ռոստոմ) Զօրեանի եւ Սիմոն Զաւարեանի:


Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը համախմբէր հայ ժողովուրդի բոլոր յառաջադէմ ու յեղափոխական տարրերը՝ առանց սեռի ու դասակարգի խտրութեան, որոնք կը հաւատային օսմանեան լուծէն հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին: Այս նպատակին հասնելու համար, Դաշնակցութիւնը     ձեռնարկեց պայքարի՝ ընդդէմ օսմանեան բռնատիրութեան: Հետագային, յատկապէս 1905էն ետք, երբ ցարական վարչակարգը ազգամիջեան բախումներ հրահրեց Կովկասի մէջ հայերու եւ թաթարներու միջեւ, կուսակցութիւնը անվարան ձեռք առաւ ինքնապաշտպանութեան գործի ղեկը նաե՛ւ Արեւելահայաստանի մէջ:

Դաշնակցութիւնը ոչ միայն աշխատեցաւ ազատագրական պայքարի գաղափարները տարածել հայ ժողովուրդի լայն խաւերուն մէջ, այլեւ նախաձեռնեց բազմաթիւ քայլեր, որոնք բխած ըլլալով Դաշնակցութեան գաղափարական հաւա-ամքէն ու քաղաքական ռազմավարութենէն, աւելի եւս ամրապնդեցին եւ բիւրեղացուցին անոր գաղափարաբանութիւնը եւ ուժեղացուցին անոր վարկն ու հմայքը հայկական ու միջազգային բնագաւառներու մէջ:

Հայկական Ցեղասպանութեան սեւ տարիներուն, բազմաթիւ վայրերու մէջ ինքնապաշտպանութեան հերոսական մարտեր մղուեցան: Բացի Վանէն ու Մուսա լերան շրջանէն (ուր արտաքին օժանդակութեան շնորհիւ տեղւոյն հայութիւնը փրկուեցաւ Ցեղասպանութենէն) տեղւոյն դաշնակցական ղեկավարութիւնը շատ յաճախ մինչեւ արեան վերջին կաթիլը կռուելով, նահատակուեցաւ:
Նոյն, Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր լաւագոյն ուժերը տրամադրեց հայկական կամաւորական գունդերու կազմակերպման ու ղեկավարման գործին, ինչպէս օրինակ՝ Քեռի, Անդրանիկ, Համազասպ, Արամ, Նիկոլ Աղբալեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Նոյն այս գունդերն էին, որոնք հետագային կորիզը հանդիսացան Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին:
Նոյն այս ժամանակաշրջանին էր, որ շնորհիւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան, յաջողութեամբ պսակուեցան Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի (Վանաձոր) հերոսամարտերը, որոնց անմիջական արդիւնքը եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը Մայիս 28, 1918ին:
Այս հռչակագրին ձեռագիրը կը գտնուի Հ.Յ.Դ. արխիւներուն մէջ:

1918 - 1920

1918-20 տարիներու Հայաստանի անկախ հանրապետութեան մէջ, Դաշնակցութիւնը ղեկավարման հիմնական դեր ստանձնեց պետականաշինութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս: Անկախ այս ժամանակաշրջանի չորս վարչապետներէն, որոնք դաշնակցական գործիչներ էին, պետական այլ բնագաւառներու մէջ եւս Հ.Յ.Դ. գործիչները ունեցան բանալի դերակատարութիւն: Նոյն այս ժամանակաշրջանին էր նաեւ, որ Աւետիս Ահարոնեան, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ, կը ստորագրէր Սեւրի դաշնագիրը՝ Օգոստոս 10, 1920ին: Սեւրի դաշնագրով Հայաստան կ’արժանանար միջազգային ճանաչումի եւ Մ. Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն կը ստանձնէր Հայաստանի եւ Օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու ճշդումը: Մ. Նահանգներու Պետական բաժանմունքէն ներս պատրաստուած այս քարտէսէն օրինակ մը կը գտնուի Հ.Յ.Դ. արխիւներուն մէջ:
1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովը Հայաստանը կը հռչակէր Միացեալ եւ Անկախ, բանաձեւում մը, որու իրականացումը մինչեւ այսօր կը մնայ Հ.Յ.Դ.ի քաղաքական հիմնական նպատակը:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը լծուեցաւ Սփիւռքի կազմակերպութեան՝ մամուլ, կրթական ցանց, մարզամշակութային միութիւններ, քաղաքական աշխատանքներ, եւայլն: Իսկ հոն, ուր անհրաժեշտութիւնը գոյացաւ, Դաշնակցութիւնը լծուեցաւ սփիւռքահայ տուեալ համայնքի ֆիզիքական ապահովութեան պատասխանատու գործին, ինչպէս օրինակ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին (1975-1990):

 

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿ


Հայկական Ցեղասպանութեան 50ամեակէն ետք, Դաշնակցութիւնը թափ տուաւ հայութեան պահանջատիրութեան եւ այդ ուղղութեամբ առաւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի ծիրէն ներս:

1988ին, երբ կը սկսէր Ղարաբաղեան շարժումը, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը զօրակոչի ենթարկեց իր կարողականութիւնը, ի նպաստ Արցախի ազատագրութեան: Շուտով Դաշնակցութիւնը սկսաւ գործել նոյնինքն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ եւ Օգոստոս 8, 1990ին, բացայայտեց իր ներկայութիւնը Խորհրդային Հայաստանի մէջ, երկրի խորհրդարանի՝ Գերագոյն Խորհուրդի նիստերէն մէկուն ընթացքին:

 

ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ -
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒՄ

Արցախի ազատագրումը օրուան հրամայականը նկատելով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը առաջնահերթութիւն համարեց այս հարցը, ջանալով ապահովել ոչ միայն արցախաբնակ հայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը, այլեւ բանալի դեր խաղալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ստեղծման մէջ:
Արցախի ազատագրութեան գործընթացը տակաւին չէր հասած իր արդար վախճանին, երբ տապալեցաւ Խորհրդային Միութիւնը եւ այլ հանրապետութիւններու կարգին, Հայաստան եւս հռչակեց իր անկախութիւնը Սեպտեմբեր 21, 1991ին: Դաշնակցութիւնը ողջունեց այս քայլը եւ լծուեցաւ պետականաշինութեան գործին, միաժամանակ իշխանութիւն-ներուն հետ անկեղծ գործակցութեան ձեռք երկարելով: Դժբախտաբար սակայն, 1992ին, նորանկախ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ոչ միայն չկրցաւ իսկական խորաչափումը կատարել Դաշնակցութեան կարողականութեան եւ նուիրումին, այլեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի օրուան ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանը երկրէն արտաքսեց եւ խափանեց Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովի (25րդ) գումարումը, որ առաջինը պիտի ըլլար 1919էն ի վեր՝ իբրեւ Երկրի մէջ գումարուող Ընդհանուր Ժողով:

Հայաստանի ՀՀՇական վարչակարգի հակադաշնակցական մոլուցքը այնքան առաջ գնաց, որ 1994ի Դեկտեմբերին, փակուեցան Դաշնակցութեան պատկանող բոլոր թերթերը, լրատու սպասարկութիւններն ու տպարանները, անհեթեթ պատրուակներով ձերբակալուեցան բազմաթիւ ականաւոր դաշնակցական գործիչներ եւ արգիլուեցաւ Հ.Յ.Դ.ի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

1998ի Փետրուարի իշխանափոխութենէն ետք, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը դարձեալ լծուեցաւ պետականաշինութեան աշխատանքին եւ իրերայաջորդ խոր-հըրդարաններուն մէջ ունեցաւ իր պատգամաւորները, իսկ կառավարութիւններուն մէջ՝ իրեն վստահուեցան ուղղակի ժողովուրդին առնչուող կարեւոր նախարարութիւններ (ընկերային ապահովութիւն, առողջապահութիւն, գիւղատնտեսութիւն եւայլն):

Իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր,  Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը գումարած է 31  Ընդհանուր Ժողովներ (վերջինը՝ Յունիս 2011ին  Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան): Ընդհանուր Ժողովները հիմնականին մէջ մշակած են քաղաքական ռազմավարութիւն, Ծրագրային վերանայումներով բիւրեղացուցած են Հ.Յ.Դ. գաղափարաբանութիւնը եւ քաղաքական նպատակները, ճշդած են քաղաքական վարքագիծ ու նպատակ:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն, կը ձգտի միջազգային արդար ու իրաւահաւասար կարգավիճակի ու այդ ծիրէն ներս՝ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան ստեղծումին (Ուիլսընեան սահմաններով), ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մէջ կը նպատակադրէ յառաջացնել ազատ քաղաքացիներէ բաղկացած հասարակարգ, ընկերվարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած, սկզբունքներ, որոնք յստակօրէն բանաձեւուած են իր Ծրագրով:


 

Հ.Յ.Դ. ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿ

Հ.Յ.Դաշնակցութեան հարիւրքսանմէկ  տարիներու գործունէութեան առնչուող արխիւները պահուած են եւ կը գտնուին Պոսթըն, իբրեւ վկայութիւն այս կազմակերպութեան հայրենանուէր կենսագրութեան: Այս արխիւներուն մաս կը կազմեն Ընդհանուր Ժողովներու նիստերու ատենագրութիւններ, շրջաններու զեկուցումներ, նամակներ, շրջաբերականներ, տեղեկագիրներ, հաշուական տախտակներ, լուսա-նկարներ, քարտէսներ, Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-20) ժամանակաշրջանի նիւթեր, եւ լսատեսողական նիւթեր:

(Պատմական լուսանկարներէն մաս մը կը հրատարակենք ներկայ էջերուն մէջ):