Դեկտեմբեր 18ին կը լրանայ մահուան 39րդ տարելիցը հայ գրականութեան մեծատաղանդ դէմքերէն Նիկողոս Սարաֆեանի։
Պատանի տարիքին Հայասպանութեան արհաւիրքը տեսած, յետ-Եղեռնեան Պոլսոյ մէջ ազգային կազմաւորումը ստացած ու երիտասարդութեան Փարիզ յայտնուած Սերունդին ամէնէն խոհուն եւ գեղագէտ ներկայացուցիչը եղաւ Նիկողոս Սարաֆեան։

Մեր սերունդներուն այնքան ալ ծանօթ չէ անունը Տիգրան Արփիարեանի, որուն մահուան 97րդ տարելիցը կ'ոգեկոչենք Դեկտեմբեր 15ին։
Հայ մամուլի երախտաւոր նուիրեալներէն եղաւ բեղուն քրոնիկագիր, խմբագիր եւ արձակագիր Տիգրան Արփիարեան, որ կրտսեր եղբայրն էր հայ գրականութեան անմահ դէմքերէն Արփիար Արփիարեանի։


Ինչպէս հարուստ մշակոյթի տէր այլ ժողովուրդներու պարագային, հայ ազգի քաղաքակրթական զարգացման մէջ եւս թատրոնը ունեցած է հիմնական նշանակութիւն ու բախտորոշ ազդեցութիւն։
Ոչ միայն նախաքրիստոնէական ու հնադարեան ժամանակներուն իր ստեղծած մեծ քաղաքակրթութեան համար, այլեւ արդի դարաշրջան իր մուտքի ստեղծագործական կենսունակութեան առումով՝ հայ ժողովուրդը շատ բան կը պարտի թատերական իր տաղանդին։

Պոլսոյ Հայոց թատերական առաջին փորձերը կատարուած են ԺԹ. դարուն սկիզբները։ 1820էն քիչ առաջ, պատանիներու կողմէն՝ Տիւզեանց Գուբուչէշմէի բնակարանին մէջ։ Քիչ ետքը սկսած են թաղային վարժարաններու ներկայացումները։ 1856ի վերջերը, Օրթագիւղցի երիտասարդներ, իրենց գլուխը ունենալով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը, մասնաւոր տուներու մէջ, ներկայացուցած են ողբերգութիւններ ու կատակերգութիւններ...

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 12ին, կը լրանայ մահուան 81րդ տարելիցը հայ կնոջ բացառիկ կերպարի մը՝ Սաթենիկ Արղութեանի, որ իր առանձնայատուկ դրոշմը դրաւ 19րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումին վրայ։

Հայ ժողովուրդի մեծարանքին արժանացած տոհմ է արեւմտահայ Օտեան ընտանիքը, որուն արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Գրիգոր Օտեանի ծննդեան 177րդ տարեդարձն է այսօր՝ Դեկտեմբեր 9ին։
Թէեւ Օտեաններու կրտսերագոյն սերունդի ներկայացուցիչը՝ հայ երգիծական գրականութեան մեծանուն վարպետ Երուանդ Օտեանը անմահութեան արժանացուց Օտեան տոհմանունը, այսուհանդերձ՝ անոր հօրեղբայր Գրիգոր Օտեանի ներդրումը եւս եղաւ մեծարժէք։