Այս տարի հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ իր մեծագոյն դէմքերէն Իսրայէլ Օրիի մահուան 300ամեակը։
Ստոյգ տուեալներ կը պակսին Հայ Դատի քաղաքական պայքարին մեծանուն ռահվիրան հանդիսացող Օրիի վախճանման ճշգրիտ թուականին մասին։ Օրմանեան Պատրիարքի «Ազգապատում»ը եւ Հայկական Հանրագիտարանը կը նշեն, թէ Օգոստոս 1711ին Աստրախանի մէջ յանկարծամահ եղաւ հայ ազգային-քաղաքական մեծ գործիչը։ Իսկ Գասպար Իփէկեան եւ Հրաչ Տասնապետեան ճշգրիտ 7 Նոյեմբեր 1711ը (հին տոմարով) կը յիշատակեն իբրեւ Իսրայէլ Օրիի մահուան թուական։


6 Նոյեմբերին կը լրանայ մահուան 114րդ տարելիցը  հայ ժողովուրդի հռչակաւոր դէմքերէն Միքայէլ Փորթուգալեանի, որ ապրեցաւ եւ գործեց Օսմանեան Կայսրութեան վերջալոյսին եւ «Փորթուգալը փաշա» անունով պետական բարձրագոյն դիրքեր նուաճեց թէ՛ սուլթանական արքունիքէն ներս, թէ՛ երկրի ելեւմտական-ակադեմական կեանքի ղեկավարման մէջ։

3 Նոյեմբերի այս օրը, 97 տարի առաջ, օսմանեան բանակը ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկեց ռուս ցարական զօրքերուն դէմ՝ Կովկասեան ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին։
Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամէնէն սեւ օրը սկսաւ թրքական այդ յարձակումով, որովհետեւ Ռուս¬Թրքական պատերազմի բռնկումն ու հետագայ ծաւալումը հնարաւորութիւնը


2 Նոյեմբերի այս օրը, 164 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, Սուլթանի «Կայսերական Իրատէով» (հրամանագրով), բողոքականութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ օրինական «միլլէթ» (ուրոյն համայնք)։

Այսօր՝ Նոյեմբեր 1ին, կը նշենք ծննդեան 140ամեակը հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիր Ալեքսանդր Սպենդիարեանի։
Հայ ժողովուրդի երաժշտական ժառանգութեան մէջ իր մեծարժէք ներդրումը ունեցող վարպետը եղաւ Հայաստանի հողէն հեռու ծնած ու ապրած, բայց հայ ազգի ու հայրենիքի ամէնէն իրաւ եւ ինքնուրոյն երաժշտականութիւնը լիաթոք շնչաւորած ու աշխարհին հաղորդած տաղանդաշատ արուեստագէտը։