Աշխարհաքաղաքական իր աննպաստ դիրքին ու թշնամապէս տրամադրուած դրացիներ ունենալու պատմական դաժան ճակատագրին բերմամբ, հայ ժողովուրդը պարտաւորուեցաւ իր արիւնէն ծանրագոյն գին վճարելու ոչ միայն Հայաստանի անկախութիւնը նուաճելու, այլեւ իր ազգային պետականութիւնը կերտելու համար։

Մխիթար անունով անմահացած հայ ժողովուրդի մեծամեծներու համաստեղութեան մէջ իր ճառագայթող դէմքով կ'առանձնանայ բժշկագիտական մտքի հայ հսկան՝ Մխիթար Հերացին, որուն  ծննդեան թուականը ընդունուած է նշել Նոյեմբեր 11ի այս օրը։


Թէեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը Օգոստոս 12ը հռչակած է իբրեւ Երիտասարդութեան Միջազգային Օր, որ իբրեւ այդպիսին պաշտօնապէս ճանչցուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, այսուհանդերձ՝ խորհրդային անցեալէն յամեցող սովորոյթի ուժով, այսօր ալ կը շարունակուի Նոյեմբեր 10ին, հայրենիքի մէջ, տօնել Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը։


Այսօր՝ Նոյեմբեր 9ին, կը լրանայ մահուան 110ամեակը Հայկեան Հանճարի վեհաշուք «Նահապետ»ին՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի։
9 Նոյեմբեր 1901ին, Վենետիկի մէջ, 81 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստան Աշխարհի պաշտամունքը համազգային ապրումի, մտածողութեան, վարքագծի եւ երգի վերածած անբասիր եկեղեցականն ու ներհուն բանաստեղծը։

Հիմի է՞լ լռենք, եղբայրք, հիմի է՞լ,
Երբ մեր թշնամին իր սուրն է դրել,
Իր օրհասական սուրը մեր կրծքին
Ականջ չի դնում մեր լաց ու կոծին:
Ասացէ՛ք, եղբայրք, հայեր, ի՞նչ անենք,
Հիմի է՞լ լռենք։