- Details
- Category: Յուշատետր
Յունուարի 12ն է այսօր, մեծն Նիկոլ Դումանի ծննդեան տարեդարձն է եւ կենսայորդ պահը գաղափարական Հաղորդութեան՝ Պայքարի ու Մարտունակութեան բոցեղէն մարմնաւորումը հանդիսացող անմահ Հայդուկապետին եւ անզուգական Դաշնակցականին հետ։
- Details
- Category: Յուշատետր
92 տարի առաջ, Յունուար 10-11ի այս օրերուն, Կիլիկիոյ հայաշատ կեդրոններէն Մարաշի մէջ, 1915ի տարագրութենէն եւ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած, այնուհետեւ 1918ի Դաշնակիցներու յաղթանակէն ետք հայրենի տուն վերադարձած հայութիւնը ստիպուեցաւ զէնք բարձրացնել եւ հերոսաբար դիմադրել քեմալական զօրքի յարձակումին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յունուար 10ին, 141 տարի առաջ, հայրենի Սիւնեաց աշխարհի Բռնակոթ գիւղը հայ ժողովուրդին պարգեւեց Հայ Մտքի եւ հայոց պատմաբանասիրութեան հայրենաշունչ հսկայ մը, որ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ եւ հայու հռչակը ամէնուր տարածեց մեծարժէք գիտունի իր Նիկողայոս Ադոնց անունով ու կտակած պատմաբանասիրական անմահ ժառանգութեամբ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Այսօր՝ Յունուար 9ին, կը լրանայ 130ամեակը հայ մտքի եւ գրականութեան երախտաւորներէն Հայր Յովսէփ Գաթըրճեանի վախճանումին։
Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մաս կը կազմէր Յ. Գաթըրճեան։ Պատմագիր էր ու մատենագէտ, լեզուաբան էր ու թարգմանիչ, որ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ հայ մտքի, գրականութեան եւ մշակոյթի վերաթարմացման ու համաշխարհային արժէքներով պատուաստումին մէջ, գլխաւոր տեղ գրաւելով Վիեննայի Մխիթարեաններու նուաճած մեծարժէք աւանդին մէջ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Սփիւռքահայ սերունդներու ազգային¬գաղափարական կազմաւորման ու ինքնաճանաչման մէջ անփոխարինելի է ներդրումը Մալխասի, որուն մահուան յիսնամեակը լրացաւ այս Յունուար 4ին։
Վեց հատոր կազմող Մալխասի «Զարթօնք» վէպը բարձի գիրք եղաւ օտար ափերու վրայ հասակ նետած մեր սերունդներուն համար։