«Հաւատա՛, հայրենիք, վիրաւոր ու արիւնաքամ,  դուն դարձեալ պիտի ապրիս, վասնզի անապատների՝ բոլոր ոռնացող խուժաններն իսկ անզօր են սպաննել լոյսը, որ մի բարի աստուած, մի գթոտ աստուած մի օր քո կարկառուն բազուկների մէջ դրեց, ո՜վ դու յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք...։
«Եւ դուք, ո՛վ մեր արիւնով ու վաստակով յղփացած բարբարոսներ, ճամբայ տուէք, հաւատացէ)ք, որ ձեր իսկ ձեռքով նահատակուած հայ ցեղի ճիգերով է, որ մի օր լոյս պիտի տեսնէ։

Յունուար 3ի այս օրը, 88 տարի առաջ, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ Ստեփան Ալաջաջեան անունով մանուկ մը, որ ի վերուստ օժտուած էր գրելու ձիրքով եւ որ, իր տաղանդով ու գործով, արժանաւորապէս նուաճեց մեծարժէք արձակագիրի պատուանդան մը հայ նոր գրականութեան մէջ։

18 տարի առաջ, Դեկտեմբեր 29ի այս օրը, մեր  աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայ բեմի հանճարեղ դէմքերէն Մհեր (Ֆրունզիկ) Մկրտչեան։
1930ին Կիւմրի ծնած մեծատաղանդ դերասանը միայն 63 տարի ապրեցաւ, որովհետեւ մարդկային կեցութեան ամէն կարգի՝ ողբերգական թէ կատակերգական պահերն ու կերպարները այնքան հարազատօրէն վերապրող ու վարպետօրէն վերապրեցնող հայկական բեմարուեստի անմոռանալի Ֆրունզիկին սիրտը չդիմացաւ զինք հարուածած ընտանեկան ողբերգութեան։

Դեկտեմբերի այս օրերուն (հին տոմարով՝ Դեկտեմբեր 14ին) ծնած է հայ ժողովուրդի բացառիկ տաղանդներէն Արմէն Տիգրանեան, որ իր երաժշտական մեծարժէք վաստակով հայոց հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը հարստացուց «Անուշ»ի եւ «Դաւիթ Բէկ»ի տարողութեամբ օփերային երաժշտութեան գլուխ-գործոցներով, ինչպէս եւ «Սեւ Աչերէն»ի ու «Նուպար, Նուպար»ի օրինակով ժողովրդական սիրուած երգերով։

«Փոթորիկի պէս եկաւ,
«Փոթորիկի պէս անցաւ
«Հայի փոթորկոտ կեանքից»...


Հայ ժողովուրդի բազմաչարչար կեանքին բախտորոշ մէկ հանգրուանին ապրած ու գործած այդ փոթորկաշունչ Անցորդը եղաւ Արշակ Ջամալեան, որուն մահուան 71րդ տարելիցը կ'ոգեկոչենք այսօր՝ Դեկտեմբեր 27ին։