Նոյեմբեր 29ի այս օրը, վաթսուն տարի առաջ, մեր աշխարհէն մարմնապէս հեռացաւ հայ ժողովուրդին ներաշխարհը վերծանող մեծագոյն հայ մտաւորականներէն Լեւոն Շանթ։
Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին Աստուածներ»ով անմահացած գրողն է Լեւոն Շանթ։ Բայց ճշմարտութեան դէմ մեղանչել պիտի ըլլար միայն իբրեւ մեծատաղանդ թատերագիր յիշել այնքա՜ն բազմաշնորհ ու բազմավաստակ դէմքը Լեւոն Շանթի, որ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճեց իբրեւ թէ՛ տաղանդաշատ գրագէտ, թէ՛ ներհուն մտաւորական, թէ՛ անձնուէր հասարակական գործիչ եւ թէ՛սերնդակերտ մանկավարժ։

Այդ ամէնը միաձուլող ու արժանաւորապէս մարմնաւորող Մեծ Մարդն ու միաժամանակ Մեծ Հայը եղաւ Լեւոն Շանթ, որ շունչ եւ վեհութիւն, այլեւ՝ ազգային հնչեղութիւն տուաւ Հայու ԵՍին։
Մանաւանդ որ իր անխոնջ եւ առասպելական աշխատունակութեամբ ու ներքին կարգապահութեամբ Լեւոն Շանթ նուաճեց պատկառելի հարստութիւն մը իր գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ, գրական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ տեսաբանական եւ մանկավարժական իր ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական-պետական գործիչի դաշնակցական իր ներդրումէն մինչեւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի հիմնադիրի ու երկարամեայ տնօրէնի եւ ուսուցիչի վաստակը։
Իսկապէս ալ Նահաշպետեան Սեղբոսի զաւակը եւ հօր անունով Սեղբոսեան Լեւոն մկրտուած Լեւոն Շանթը, իր կեանքով ու գործով, այլեւ ու մանաւանդ իր աշխարհայեացքով՝ եղաւ ամբողջական անհատականութեան մը եւ մեծադիր ԵՍի մը ճառագայթող խտացումը, որ իր անձին, կեանքին ու գործին առինքնող օրինակով յաւերժացուց Հայ Գրականութեան եւ հայութեան Ազգային Ինքնութեան վսեմաշուք ԵՍը։
Ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման մնայուն ձգտումը, իբրեւ իր ողջ էութիւնը տոչորող ներքին կրակ, շարժիչ ուժը եւ անխոնջ աշխատանքի կենարար աղբիւրը հանդիսացաւ Շանթի ողջ կեանքին ու անոր ստեղծագործական թէ հասարակական գործունէութեան։
Շանթի կենսագրութիւնը ինքնին յուզիչ եւ բարդ պատմութիւնն է իբրեւ Մարդ եւ Հայ Մարդ անոր ինքնակատարելագործման մնայուն պայքարին։
Պոլիս ծնած, Սկիւտարի վարժարանին մէջ իր նախնական կրթութիւնը ստացած, մանուկ տարիքին որբացած եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մուտքի քննութեան յաջողած Սեղբոսեան Լեւոնը, ամբողջական հայու իր ինքնազարգացման առաջին ոստումը կատարեց տակաւին ուսանող տարիքին, երբ արեւմտահայու իր ծագումն ու արեւելահայու կազմաւորումը մէկ ու միակ շաղախի վերածեց եւ մինչեւ մահ տէր կանգնեցաւ արեան կանչէ բխող այդ նուաճումին։
Խառնուածքով խոհուն եւ յուզաշխարհով բանաստեղծ Լեւոն Շանթի անբեկանելի անհատականութեան ինքնակատարելագործման օրրանը եղաւ Գերմանիան, ուր 1892էն մինչեւ 1897 ապրեցաւ եւ Լայփցիկի ու Միւնիխի համալսարաններուն մէջ բարձարգոյն ուսման հետեւեցաւ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ բնական գիտութեանց մէջ։ Գերմանական եւ ընդհանրապէս հիւսիսիկ (nordic) հոգեկերտուածքը ամբողջապէս համապատասխան էր արդէն քսաներեք տարեկան ու Հայու իր կազմաւորումը լիարժէք հունաւորած Շանթի ներաշխարհին՝ հոգիին ու մտքին։ Գերմանական մշակոյթը եւ յատկապէս Նիցչէի, Կէօթէի եւ Վակների արուեստն ու փիլիսոփայութիւնը մեծապէս օգնեցին Շանթի, որպէսզի մշակէ եւ խորացնէ մտաւորականի իր ներքին կարգապահութիւնը, յղկէ եւ կատարելագործէ իր գեղարուեստական ու իմաստասիրական զէնքերը, որպէսզի կարենայ իր մէջի լաւագոյնն ու մարդկայնականը՝ ցեղային ու ազգային ամէնէն վաւերական եւ տիեզերական արժէքները ըստ արժանւոյն վերադարձնել հայ ժողովուրդին, յատկապէս անոր պարզ, շինական եւ բարի խաւի զաւակներուն, որոնց շարքերէն սերած էր եւ որոնց առջեւ ինքնազարգացման ու ինքնակատարելագործման ուղին հարթելու կոչումը իր միակ եւ մեծագոյն փառասիրութիւնն էր։
Մինչեւ Գերմանիոյ մէջ իր ուսումն ու մտաւորական հասունացումը, Լեւոն Շանթ մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց Պոլսոյ մէջ, միաժամանակ՝ իր բանաստեղծութիւններով ու արձակ վիպակներով դրսեւորեց ընկերային յանձնառու գրողի իր նկարագիրը։ Պոլիսը իր հայ իրականութեամբ՝ իր քաղքենիութեամբ եւ եսապաշտութեամբ, հեշտամոլութեամբ եւ ազգային անտարբերութեամբ, ձաղկումի թիրախը դարձան հազիւ երիտասարդ Շանթին։ Իսկ Գերմանիայէն վերադարձին Թիֆլիս հաստատուելով ու մանկավարժական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով, Շանթ աւելիով խորացուց հայկական ինքնութիւնը եսապաշտութեան՝ քաղքենիութեան եւ նիւթապաշտութեան արատներէն մաքրաջրելու իր պայքարը։
Յատկապէս թատերական իր գործերը լրիւ յագեցան Հայու ԵՍը իր ինքնահաստատման դարաւոր ձգտումով թեւաւորելու, հայու գեղջկական պարզութեամբ ու վեհութեամբ զարգացնելու, խորացնելու եւ կատարելագործելու բանաստեղծականութեամբ։
Լեւոն Շանթ երկար ապրեցաւ եւ հայ ժողովուրդի համար վերելքի, անկումի, վերականգնումի եւ տառապագին մաքառումներու այդ դժուարին ժամանակները ցմրուր ճաշակեց ու բառին ամբողջական առումով... ապրեցա՛ւ։
Շարունակ կանգուն մնաց ու գործեց հայ կեանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ, Թիֆլիսի գրական-մշակութային զարթօնքին մեծարժէք դրօշակիրներէն դարձաւ, հայ ազգային-ազատագրական շարժումին հաւատաւոր եւ լուսաւոր առաջնորդներէն եղաւ, սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու հոգեմտաւոր զարգացման մեծ դաստիարակը հանդիսացաւ եւ երբ հնչեց նորանկախ Հայաստանի քաղաքական-պետական կեանքին տիրութիւն ընելու ժամը՝ անվարան նետուեցաւ գործի ասպարէզ, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար ճակատագրական ամէնէն դժուարին բանակցութիւններուն իր ներդրումը կատարելով ու ազգային անկորնչելի արժէքներուն, իրաւունքներուն եւ շահերուն անզիջող պահապանը դառնալով։
Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, Լեւոն Շանթ իր կարգին վերցուց տարագրութեան ցուպը եւ շրջեցաւ գաղթաշխարհով մէկ։ Նախ գործեց Եգիպտոսի մէջ, Աղբալեանի հետ հիմը դրաւ Համազգային Մշակութային Միութեան։ Ապա՝ երկուքով հաստատուեցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր հիմնեցին Հայ Ճեմարանը ու իբրեւ տեսուչ եւ ուսուցիչ միասնաբար լծուեցան նոր սերունդներու հայեցի կազմաւորման եւ մտաւորական թրծումին՝ նուաճելով Ճեմարանական Աւանդը, որ մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ իբրեւ ներշնչման աղբիւր ծառայել սփիւռքահայ հոգեմտաւոր զարգացման ոգորումներուն։
Տարագրութեան շրջանին Լեւոնթ Շանթ ոչ միայն շարունակեց ստեղծագործել գրականութեան մէջ, այլեւ թուղթին յանձնել մանկավարժութեան տեսաբանի, լեզուագէտի եւ ազգային-հասարակական գաղափարախօսի իր գիտական եւ մտաւորական լայն պաշարը։ Լոյս ընծայեց հայոց լեզուի դասագիրքեր, Ազգային Հարցին, Անկախութեան գաղափարին եւ Անհատի ու Դասակարգի գիտական ուսումնասիրութեան նուիրուած աշխատութիւններ։
Եւ ո՛ւր որ ալ ճակատագիրը տարաւ զինք՝ Լեւոն Շանթ ողջ էութեամբ հաւատարիմ մնաց ստեղծագործ այն ներուժին, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ժառանգութենէն կը բխէր, ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման դարու զէնքերով մշակուած ու յղկուած էր եւ միշտ յառաջ կը մղուէր Ամբողջական Հայն ու Ամբողջական Մարդը շնչաւորելու ձգտումով։
Լեւոն Շանթի մահուան վաթսունամեակին նուիրուած ոգեկոչական այս էջը հաղորդութեան պահ մը թող ըլլայ իր բանաստեղծական յուզաշխարհին հետ, ուր քերթողական վրձինի այնքան զուսպ, այլ դիպուկ հպումներով կը ներկայանայ իր խոհական դէմքը։

ԵՍ ՊԱՏՐԱՆՔԸ ՍԻՐԵՑԻ

Շուրջիս տափակ ու չոր կեանքէն զայրացկոտ,
Կանչեցի ես իտէալս կենսածին.
Բայց ետեւէս կծու ծաղրով անամօթ
«Է՜, ան միայն գրքի մէջն է» պոռացին.
Ես ալ գիրքը ինծի ընկեր ընտրեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:

Մենութեան մէջ լուռ, մթնշող սենեակիս՝
Չիրագործուող երազներու մէջ թաղուած՝
Հեռո՜ւ ու վե՜ր սաւառնեցաւ միշտ հոգիս,
Հո՛ն, ուր կեանքիս գոհար յոյսերն են մաղուած.
Ես, մօր մը պէս, անուրջներս գգուեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:

Երբ գեղեցիկ թարմ աղջիկը ժպտեցաւ,
Սիրտս դողաց յուզումով մը ներդաշնակ.
Սիրեցի ալ, միայն ո՛չ ան, որ անցաւ.
Այլ անոր նուրբ յափշտակիչ դէմքին տակ
Նո՛ր էակ մը, որ մտքէս հոն անցուցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:

Հայրենիքի հուր կարօտը բնածին
Երբ բռընկցուց յուզուած լանջս տենդօրէն,
«Դուն հայրենիք, դուն հող չունիս» հծծեցին.
Ես դառնացայ, բայց ալ ուժգին այդ օրէն
Իմըս չեղող հայրենիքս պաշտեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:

Ինծի համար այն ժամերը թանկ եղան,
Երբ ներշնչուած ստեղծեցի միշտ անգոյ,
Բայց անձնուրաց ազնիւ դէմքեր սիրեկան,
Երբ իրական աշխարհին մէջ միշտ դժգոհ,
Իտէալի կեանքէն երգել ուզեցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:

*.*.*.*.*.*.*.*.*.*

ԺԱՆԳԸ

Գզրոցիս մէջ գրիչս ինկած է հիմա
գրած-ջնջած թղթերուս մէջ ցանուցիր.
ժանգէ պատանք մը աճած է իր վրայ
ու ալ հպարտ չ’առկայծիր։

Մինչ նայուածքս այդ հին գրչին է յառած,
մէջըս միտք մը զիկզակ կու տայ՝ մի՞ գուցէ
անշարժ կեանքէս զգացումներս ալ յանկարծ
ժանգի խաւ մը գայ գոցէ։

Ն.

*.*.*.*.*.*.*.*.*.*

ԵԹԷ

Տաղանդաւոր բանաստեղծ, արձակագիր, գրականագէտ եւ վաստակաշատ ուսուցիչ Մուշեղ Իշխան պաշտամունքի հասնող սէր ունէր իր ուսուցչին՝ Լեւոն Շանթի հանդէպ, որուն հետ նաեւ պաշտօնակից եղաւ Ճեմարանի մէջ։ Անգլիացի մեծ բանաստեղծ Քիփլինկի աշխարհահռչակ «Եթէ» բանաստեղծութեան հայացումը, որ ինքնարժէք բանաստեղծութիւն մըն է իրաւամբ, կը պատկանի Մուշեղ Իշխանի եւ այս էջով կ'արտատպենք, որովհետեւ իր՝ Մուշեղ Իշխանի վկայութեամբ, «Եթէ»ով քանդակուած Ամբողջական Մարդու կերպարը լաւագոյնս կը պատշաճի մեծն Լեւոն Շանթի։

Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Երբ ուրիշներ կը կասկածին քու վրադ,
Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր,
Կամ չստել՝ շրջապատուած սուտերով,
Ատողներու միջեւ մնալ սիրալիր,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժո՛վ.
Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող,
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այս խաբող.
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի
Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի.
Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ, երբ կորած է ամէն բան,
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.
Եթէ կրաս արքաներու հետ պարզուկ,
Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,
Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.
Քու՛կդ է երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս: