Նոյեմբեր 21ի այս օրը կ'ոգեկոչենք մահուան չորրորդ տարելիցը հայ գրականութեան մեծատաղանդ արձակագիրներէն Աղասի Այվազեանի։
Իր գեղարուեստական տաղանդով եւ ստեղծագործական վաստակով՝ Աղասի Այվազեան եղաւ հայ արձակի եւ բեմագրութեան արժանաւոր վարպետ մը, որ վերջին յիսնամեակին նոր հորիզոններ բացաւ հայաստանեան գրականութեան առջեւ։

Նոյեմբեր 18ին կ"ոգեկոչենք մահուան տարելիցը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման առիւծասիրտ նուիրեալներէն Գալուստ Արխանեանի։
19րդ դարավերջին թափ առած հայոց յեղափոխական ըմբոստացման առաջին ծիծեռնակներէն եղաւ մնձուրեցի այս հայորդին, որ Տերսիմի Քեռիին (Ռուբէն Շիշմանեան) հետ, 1890ին նորակազմ Դաշնակցութեան միանալով, Փոքր Հայքի տարածքին գործող ֆետայական խումբերը ի մի բերին եւ կազմակերպ հունով յառաջ մղեցին։


Նոյեմբեր 17ի այս օրը կը լրանայ մահուան 150ամեակը հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Գէորգ Ախվէրտեանցի, որ յատկապէս իբրեւ Սայաթ-Նովայի մեծարժէք ժառանգութեան առաջին փրկիչը՝ անմահութեան իրաւունք նուաճեց հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ։

Նոյեմբերի այս օրերուն (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ Նոյեմբեր 17ին), հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծանուն եւ երախտաշատ հոգեւորականներէն ու մշակոյթի գործիչներէն Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի։

Այսօր՝ Նոյեմբեր 15ին, կը լրանայ մահուան 145րդ տարելիցը Կարապետ Ամիրա Պալեանի, որ Օսմանեան Կայսրութեան չորս սերունդ արքունի ճարտարապետներ տուած Պալեան ամիրայական ընտանիքին ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը եղաւ։