Հայ ժողովուրդի մեծարժէք ծնունդներու շարքին արժանաւոր իր տեղը ունի բնագէտ ու բժիշկ, մատենագիր եւ բառարանագիր Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որուն վախճանման 515րդ տարելիցը կը լրանայ այսօր՝ 8 Դեկտեմբերին։


Դեկտեմբեր 7ին, 23 տարի առաջ, Հայաստանի  հետ ամբողջ աշխարհը զարհուրանքով տեսաւ ու ճարահատ անդրադարձաւ, թէ մարդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը տակաւին որքա՜ն անզօր են բնութեան դէմ։
1988ի այս օրը, ճիշդ ժամը 11:41ին, տակաւին խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայաստանի հիւսիսային շրջանները՝ ընդհանրապէս Կիւմրին եւ մասնաւորապէս Սպիտակը բառացիօրէն փուլ եկան։

Հայ յեղափոխական շարժման փառքն ու պարծանքը կը հանդիսանայ Ֆետայական Սերունդը, որ ամբողջ երեսնամեակ մը՝ 1890ականներէն մինչեւ 1920ականները, իր անձնազոհութեամբ եւ հերոսական յաղթարշաւով, արեան բոլոր ճանապարհները կտրել-անցնելով, նոր ժամանակներու ուղին հարթեց հայ ժողովուրդին առջեւ ու կռանեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու ազգային մեր Կամքն ու Մարտունակութիւնը։

Երէկ՝ 4 Դեկտեմբերին, լրացաւ 129ամեակը Կարնոյ հայութեան մեծ ցոյցին՝ ընդդէմ թրքական լուծին ու բռնակալ եաթաղանին։
4 Դեկտեմբերին, 1882 թուին, բախտորոշ դարձակէտ մը արձանագրուեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման բազմադարեան պատմութեան մէջ։


Տիգրան Երկաթին տրուած խորագրի պատկերաւոր բնութագրումը առնուած է Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»էն, որ  Մարտ 1900ի իր համարով հակիրճ մահագրութիւն մը լոյս ընծայած է հայ ժողովուրդի ինքնատիպ այս յեղափոխականին վաղաժամ վախճանումին առիթով՝ Դաշնակցութեան յարգանքի խօսքը փոխանցելու համար։