Այսօր՝ Յունուար 9ին, կը լրանայ 130ամեակը հայ մտքի եւ գրականութեան երախտաւորներէն Հայր Յովսէփ Գաթըրճեանի վախճանումին։
Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մաս կը կազմէր Յ. Գաթըրճեան։ Պատմագիր էր ու մատենագէտ, լեզուաբան էր ու թարգմանիչ, որ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ հայ մտքի, գրականութեան եւ մշակոյթի վերաթարմացման ու համաշխարհային արժէքներով պատուաստումին մէջ, գլխաւոր տեղ գրաւելով Վիեննայի Մխիթարեաններու նուաճած մեծարժէք աւանդին մէջ։
Ծնած էր 19 Փետրուար 1820ին Կ. Պոլիս, ուր եւ իր մահկանացուն կնքեց 1882ի Յունուար 9ին։ Հազիւ պատանի՝ 1833ին կ'ուղարկուի Վիեննա, ուր 1839ին կþօծուի կուսակրօն քահանայ եւ, իբրեւ այդպիսին, աւելի քան քսան տարի իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մխիթարեաններու ծաւալած մշակութային եւ իմաստասիրական վերանորոգման շարժումին։ 1861ին կը վերադառնայ Կ. Պոլիս՝ նշանակուելով Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի վարիչ-տնօրէն. պաշտօն՝ որուն արժանաւորապէս տէր կը կանգնի մինչեւ իր վախճանումը։
Ե՛ւ Մինաս Թէօլէօլեան՝ «Դար մը գրականութիւն» խորագրեալ իր գործին մէջ, ե՛ւ Մուշեղ Իշխան՝ «Հայ գրականութիւն» անուն իր դասագիրքերու առաջին հատորին մէջ, առանձնայատուկ յիշատակութեան կþարժանացնեն Հայր Յովսէփ Գաթըրճեանը, իբրեւ արդի ժամանակներու հայ պատմագրութեան եւ մատենագրութեան մէջ նոր ուղի բացած հեղինակութիւն։ Իսկ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ի 2րդ հատորով՝ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան կþարժանանայ կրկնակի գնահատականի, իբրեւ թէ՛ համաշխարհային պատմութեան հայերէնով առաջին ներկայացման հեղինակը, որ հայոց պատմութիւնը համարկած է համաշխարհայինի հունով, թէ՛ իբրեւ դասական հայերէնի անաղարտ պահպանման ու զարգացման դրօշակիրներէն մէկը, որ անդուլ պայքար մղած է մայրենին խաթարող օտարոտի ազդեցութեանց դէմ։
Պատմաբաններու վկայութեամբ, 1849ին եւ 1852ին Վիեննայի մէջ հրատարակուած անոր «Տիեզերական պատմութիւն» ծաւալուն աշխատասիրութեան Ա. եւ Բ. հատորները (յաջորդաբար Հնադարեան եւ Միջնադարեան ժամանակաշրջաններու ընդհանուր ազգաց պատմութեան նուիրուած) նոր ուղի բացած են հայ մտքին առջեւ՝ զայն վերաթարմացնելով պատմագիտական արդիական մօտեցումներու պատուաստման ու համաշխարհային յառաջընթաց շարժումին հետ համարկումի ճամբով։
Ծանօթ է, որ Մխիթարեաններու Վիեննական «դպրոց»ը կը յատկանշուի գերմանական իր ներշնչումով եւ անկէ բխող գիտական հայեցակարգով ու իմաստասիրական կարգապահութեամբ։ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան այդ գիտական մօտեցումը բերաւ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ մայրենիի ուսումնասիրութեան, հարստացման ու մաքրազտման մեծ գործի անդաստանին։ Իր պատմագրութեան մեծագոյն արժանիքը այն է, որ հայոց պատմութիւնը առաջին անգամ ըլլալով շարադրած է համաշխարհային պատմութեան հետ կապուած՝ իբրեւ անոր բաղկացուցիչ մասերէն մէկը։
Մինչեւ Գաթըրճանի «Տիեզերական պատմութիւն»ը, հայերէն լեզուով գոյութիւն չէ ունեցած համաշխարհային պատմութիւնը ներկայացնող աշխատասիրութիւն։ Հեղինակը ծրագրած էր «Տիեզերական Պատմութիւն»ը գրել հինգ հատորով՝ բաժնելով «Հին», «Միջին» եւ «Նոր» շրջաններու։ «Հին»ը կþընդգրկէ աշխարհի ստեղծումէն մինչեւ արեւմտեան Հռոմէական Կայսրութեան անկումը 480 թուին։ «Միջին»ը կը հասնի մինչեւ Ամերիկայի յայտնագործումը՝ 1492ին։ Իսկ «Նոր» շրջանը պիտի ընդգրկէր Ամերիկայի յայտնագործումին հետեւող ժամանակաշրջանը։ Բայց Գաթըրճան յաջողեցաւ իրագործել միայն առաջին երկու ժամանակաշրջաններուն նուիրուած պատմագրութիւնը։
Հայոց պատմութիւնը ներառնուած է ընդհանուր ազգաց պատմութեան մէջ եւ ներկայացուած է համաշխարհային զարգացումներու խորապատկերով։ Ընդհանրապէս կրօնական մօտեցումով ու մեկնաբանութիւններով կը յատկանշուի Հայր Գաթըրճեանի պատմագրութիւնը։ Օրինակ՝ Վարդանանց Պատերազմն ու անոր հետեւած Հինգերորդ դարու հայոց ազատագրական շարժումը Գաթըրճեան զուտ կրօնական դիտանկիւնէ արժեւորած է։
Հայոց Հաւատքամքը յուզող դաւանաբանական հարցերու քննարկման առումով եւս ուշագրաւ ներդրում է 1864ին լոյս տեսած Գաթըրճեանի «Հիմնական տարբերութիւն Կաթողիկէ եւ Էջմիածնական դաւանութեանց» գործը։ Նոյնպէս յիշատակելի է 1891ին, յետ-մահու հրատարակուած անոր «Հանգանակ Հաւատոյ...» երկը։
Նաեւ լեզուագիտական ու թարգմանական բազմաթիւ գործերով հարուստ է Հայր Յովսէփ Գաթըրճեանի ժառանգութիւնը։ Յատկապէս դասական հայերէնը օտարաբանութիւններէ մաքրագործելու, յղկելու եւ զարգացնելու առումով հիմնական արժէք կը ներկայացնէ Հայր Գաթըրճեանի վաստակը։ Հետեւելով լեզուներու ծագման Աստուածաշնչեան մեկնաբանութեան՝ Գաթըրճեան հիմնաւորած է Հայերէնի հնդեւրոպական ծագումն ու զարգացման ուղին։
Իր կտակած բանասիրական հարուստ ժառանգութեամբ՝ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան հանդիսացաւ հայ մտքի ու գրականութեան արդիականացման եւ ժամանակակից շունչով պատուաստումին վաստակաշատ նախակարապետ մը։
Ն.