- Details
- Category: Յուշատետր
26 Յունուարի այս օրը թող վերապահուի հայ մամուլի անմահ տիտանին՝ Շաւարշ Միսաքեանի ժառանգութեան հետ հաղորդութեան։
Յունուարի այս օրը, 55 տարի առաջ, Փարիզի մէջ, 73 տարեկանին վախճանեցաւ հայ մտքի եւ գրականութեան մեծարժէք վարպետներէն Շաւարշ Միսաքեան։
Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը եղաւ աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ գրչանունով հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեաններու այս անզուգական ծնունդը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յունուար 25ին կը զուգադիպի իր տեսակին մէջ աննախընթաց Որոշումի մը հրապարակման տարեդարձը։
157 տարի առաջ, Յունուարի այս օրը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակեց եւ արգիլեց Նահապետ Ռուսինեանի «Ուղղախօսութիւն» ու «Տօնացոյց» անունով դասագիրքերուն գործածութիւնը ազգային վարժարաններէն ներս։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յունուար 24ի այս օրը 88 տարեկան պիտի դառնար մեր նոր գրականութեան հանճարեղ նորարարը՝ Պարոյր Սեւակ, եթէ 41 տարի առաջ ճամբու ոչ-պատահական, այլեւ՝ մութ ուժերու կողմէ պատուիրուած արկած մը չպոկէր կեանքի թելը հայ ժողովուրդի բացառիկ այս ծնունդին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Երէկ՝ 22 Յունուարին, հայ մարդու յիշողութեան պաստառին վերստին իր տիրական ներկայութիւնը հաստատեց առնական դէմքը հայ երգի եւ երաժշտութեան սիրուած վարպետներէն Առնօ Բաբաջանեանի։
Աշխարհի չորս ծագերուն, հայ ժողովուրդը նշեց ծննդեան 91րդ տարեդարձը իր տաղանդաշատ երաժիշտին, որ ճակատագրի բերմամբ միայն 62 տարի ապրեցաւ, բայց որ գիտցաւ ու կրցաւ 5 տարեկանէն սկսեալ - հնչիւններու մոգական ուժով - մնայուն ու անվերջ երգահանդէսի մը վերածել իրեն տրուած կեանքի ժամանակը, անոր իւրաքանչիւր վայրկեանը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յունուար 21ը ծննդեան տարեդարձն է արդի հայ գրականութեան լուսաւոր ու անմար աստղերէն բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ ազգային-հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի։
Հայ ժողովուրդի ազգային ճակատագրին ու ընդհանրապէս մարդ էակին ու կեանքին ողբերգականութիւնը կիզակէտը կազմեցին Վ. Թէքէեանի գրական-ստեղծագործական արարումներուն։ Խորապէս հայացման եւ մարդկայնացման առաջնորդող ժառանգութիւն մը եղաւ Թէքէեանի գրականութիւնը, որուն մղիչ ուժը մեծագիր ՍԷՐն էր։