Փետրուար 9ի այս օրը, 188 տարի առաջ, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, վախճանեցաւ Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան։
Ոչ միայն հայրենի հողէն այդքա՜ն հեռուները ինկած հայոց հօտին անձնուիրութեամբ տէր կանգնող հովիւը եղաւ Տէր Յարութիւն, այլեւ հիմնադիրն ու խմբագիրը դարձաւ հայկական առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»ին, որ լուսաւորութեան դարաշրջան մը բացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։

Գնդակ որոտաց Նոյեմբեր ամսուն,
Պաշարուած ենք մենք, իմ սիրուն Սօսէ,
Վեր առ մոսինդ, քաջութիւն հոս է,
Քո սիրած Սերոբի օրհնեալ օրն այս է:

Այսօր, Փետրուար 7ին (հին տոմարով), հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն Յովհաննէս Թումանեանի, որ իր անմահ գործով արժանաւորապէս նուաճեց պատուանդանը «ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի։


Փետրուար 6ի այս օրը, 93 տարի առաջ, Երեւանի  մէջ բացումը կատարուեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին, որ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի հետագայ հոլովոյթին մէջ։

4 Փետրուարը ծննդեան տարեդարձն է Զապէլ Եսայեանի, որ իր մնայուն եւ բարձրադիր պատուանդանը ունի հայ գրականութեան մէջ՝  իբրեւ ամէնէն տիրական դէմքերէն մէկը գրողի, մտաւորականի եւ ազգային գործիչի ամբողջական վաստակ նուաճած մեծանուն հայ կիներու փաղանգին։