Յունուար 19ի այս օրը կը լրանայ հինգերորդ տարելիցը հայ ժողովուրդի մերօրեայ հերոսներէն Հրանդ Տինքի նահատակութեան։


2007թուականի ճիշդ այս օրը, Պոլսոյ գլխաւոր թաղամասերէն Շիշլիի մէջ գտնուող իր «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ, Հրանդ Տինք զոհ գնաց թրքական հայատեացութեան արձակած մոլեգին երեք փամփուշտներու...

Այսօր՝ Յունուար 18ին, կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆին, որ անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիարժէք ազատագրութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով։

Յունուար 17ի այս օրուան ծնունդ է բանաստեղծ ու գրականագէտ, վաստակաւոր թարգմանիչ եւ բարեհամբաւ մանկավարժ փրոֆ. Տիգրան Հախումեանը, որ խորհրդային դարաշրջանին, հայրենի իրականութեան մէջ, հայոց ազգային յիշողութեան հաւատաւոր եւ հաւատարիմ պահապաններէն եղաւ։

Յունուար 16ի այս օրը կը նշենք ծննդեան 120ամեակը հայ գրականութեան շնորհալի եւ ինքնուրոյն դէմքերէն Հրաչ Զարդարեանի։
Փարիզեան Սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն եղաւ մեծարժէք նահատակ գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանի այս որդին։


154 տարի առաջ, 13 Յունուար 1858ին, Մոսկուայի մէջ իր առաջին համարը լոյս ընծայեց «Հիւսիսափայլ» անունով հայերէն թերթ մը, որ կոչուած էր դառնալու 19րդ դարու մեր Ազգային Զարթօնքին արեւելահայ յառաջամարտիկը եւ հայ մտքի ու գրականութեան լուսաբաշխ փարոսներէն մէկը։