«Ազատութիւնն ամէնէն մեց բարիքն է մարդուն համար, եթէ գիտէ զայն գործածել։ Իսկ երբ ազատութիւնն ընդունող ժողովուրդը տղայ է եւ խաղալիկ մը կը կարծէ զայն, այն ատեն ազատութիւնն ամէնէն ձախող արդիւնքները կրնայ ունենալ։ Վկայ է պատմութիւնը։

Այսօր՝ Փետրուար 15ին, ծննդեան տարեդարձն է հայ գրականութեան տաղանդաշատ դէմքերէն Ռուբէն Սեւակի, որ միայն 30 տարի ապրեցաւ. չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել Արդարութեան եւ Ցասումի երգը հնչեցնելու իր կոչումն ու առաքելութիւնը, որովհետեւ ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց կեանքին թելը, բիւրաւոր մեր նահատակներուն հետ, նաեւ Ռուբէն Սեւակի։

14 Փետրուարի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ մտքի եւ գրականութեան յիշարժան դէմքերէն Հայկանուշ Մառքի։
Պոլսահայ հոգեմտաւոր մեծ ժառանգութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ բանաստեղծ ու արձակագիր, բայց մանաւանդ յանդուգն հրապարակագիր Հայկանուշ Մառք, որ իբրեւ այդպիսին արժանի տեղ կը գրաւէ Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի, Զապէլ Եսայեանի օրինակով մեծանուն հայ կին գրողներու փաղանգին մէջ։

114 տարի առաջ. 1898ի Փետրուար 13ին, հայրենի Արմաշի մէջ աչքերը բացաւ տաղանդաւոր հայ մանուկ մը։ Աւազանի անունն էր՝ Այվազեան Ասքանազ։ Կենսագիրները կը վկայեն, որ ծնողքը առաջին իսկ օրէն Շաւարշ կանչեց նորածինը։ Իսկ ի վերուստ գրելու բնատուր տաղանդով օժտուած այդ մանուկը, երբ մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, իբրեւ գրչանուն ընտրեց Նարդունի մականունը՝ ծաղիկի անունէն ներշնչուած։

Այսօր՝ Փետրուար 10ին, կ'ոգեկոչենք 73րդ տարելիցը հայ հոգեւորականութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանի վախճանումին։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հաւատաւոր, նուիրեալ, իմաստուն եւ մտաւորական սպասարկուներուն պայծառ դէմքը մարմնաւորեց Թորգոմ Սրբազան, որ հոգեմտաւոր իր բեղուն ծառայութիւնը պսակեց իբրեւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք իր ծաւալած մեծարժէք գործունէութեամբ՝ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական այս Աթոռը բարձրացնելով Կոչումի պատուանդանին։