Յունուարի 12ն է այսօր, մեծն Նիկոլ Դումանի ծննդեան տարեդարձն է եւ կենսայորդ պահը գաղափարական Հաղորդութեան՝ Պայքարի ու Մարտունակութեան բոցեղէն մարմնաւորումը հանդիսացող անմահ Հայդուկապետին եւ անզուգական Դաշնակցականին հետ։


145 տարի առաջ, 1867ի այս օրը, Արցախի Խաչէն գաւառի (Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի) Ղշլաղ գիւղը հայ ժողովուրդին պարգեւեց ծնունդը Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեանի, որ ճակատագրուած էր հայոց նորագոյն շրջանի պատմութեան վրայ իր անջնջելի դրոշմը դնելու իբրեւ առասպելատիպ Նիկոլ Դուման։
Միքայէլ Վարանդեանի նկարագրութեամբ՝ «բարձրահասակ, նիհար, ջղուտ ու ոսկրուտ, մէջքը փոքր ինչ կորացած, սեւ, կայծկլտող աչքերով, ուժեղ, խուզարկու նայուածքով. պայծառ միտք, արագ ըմբռնող, ինքնավստահ ու կորովի, յանդուգն եւ ահեղ։ Հրամանատար մըն էր - սիրտը՝ պողպատ, խօսքը՝ կտրուկ, վճիռը՝ անդառնալի։ Երգեր հիւսեցին քիւրտերը անոր վարած կռիւներուն մասին - փայլուն ճակատամարտներու շարան մը։ Նիկոլ Դուման դաժան ու անխնայ էր ամէն կարգի ոսոխներու դէմ, նաեւ՝ ներքին հակառակորդներու։ Խարազանն էր շանթաժիստներու, դասալիքներու, անկարգապահ զինուորներու»...
«Դուման» (փոթորիկ) անուանուեցաւ քիւրտերուն կողմէ, որոնք վկաները եղան հայդուկապետին մարտական խիզախութեան եւ անհաւասար ուժերով մղուած կռիւները յաղթանակով պսակելու Նիկոլ Դումանի ռազմական անպարտելիութեան։
Ռուբէնի գնահատումով՝ Դումանի առասպելական հռչակին եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել անոր «ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամք»ին մէջ, որ անդաւաճան ընկերը եղաւ Դումանի յեղափոխական կեանքին։
Անառարկելիօրէն պողպատեայ կամքի տէր էր Դուման։ Յեղափոխականի իր առաջին քայլերէն սկսեալ, իբրեւ Թաւրիզի մէջ հազիւ 24 տարեկան դաշնակցական ուսուցիչ¬գործիչ, Դուման դրսեւորեց թէ՛ գաղափարական¬կազմակերպական, թէ՛ մարտական¬ռազմական երկաթեայ կարգապահութիւն։ Եւ հետագայ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին, Դուման մարմնաւորեց հայոց ռազմաքաղաքական ղեկավարի պողպատեայ կամքը՝ սահմանը անցնող ֆետայական խումբերու կազմակերպումէն մինչեւ Վասպուրականի մէջ դաշնակցական կազմակերպութեան ստեղծումը, Խանասորի արշաւանքին մտայղացումէն, ծրագրումէն ու կազմակերպումէն մինչեւ 1905ի հայ¬թաթարական ընդհարումներուն ռազմական ղեկավարումն ու Պարսկական Սահմանադրական Շարժման ղեկավար մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի կողքին։
Դումանի նուիրուած ոգեկոչումի ամէն էջ, անոր ծննդեան տարեդարձին թէ մահուան տարելիցին նուիրուած ըլլայ, անպայման Հաղորդութեան հոգեպարար պահ մը պիտի պարգեւէ հայոց սերունդներուն, որովհետեւ հայ ժողովուրդին դիւցազնական այս զաւակը իր անձով ու գործով խտացուց եւ մարմնաւորեց նոր ժամանակներու Հայն ու Հայաստանը յատկորոշող հերոսական արժէքները, եղաւ ժողովուրդի զաւակն ու մարտիկը, ուսուցիչն ու յեղափոխականը, ֆետային եւ ռազմական հրամանատարը, ազգային գործիչն ու քաղաքական կամք կոփող մտաւորականը։
Գերազանցապէս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ էր Դուման՝ բառին յեղափոխական կամքեր համատեղելու եւ ներդաշնակելու, խստակեաց ու խստապահանջ իր վարքով երկաթեայ կուռ կարգապահութիւն կերտելու առումով։ Եւ իր գործով ու նկարագրով՝ Նիկոլ Դուման ազգային արժէքի վերածեց հայու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ կերպարը։ Իբրեւ այդպիսին՝ միայն Դաշնակցութեան չպատկանեցաւ, այլեւ՝ արժանացաւ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու հոսանքներուն անվերապահ գնահատանքին ու պաշտամունքին։
Պատահական չէր, ոչ ալ զարմանալի, որ 28 Սեպտեմբեր 1914ին Թիֆլիսի մէջ հայ ժողովուրդը ազգային աննախադէպ յուղարկաւորութեան արժանացուց իր առասպելատիպ Հերոսին։
Նոյնպէս պատահական չէր, ոչ ալ զարմանալի, որ ինքնասպան եղած Դումանի անշնչացած մարմինը թաղուեցաւ հայոց Խոջեվանքի պանթէոնին մէջ, Սիմոն Զաւարեանի աճիւններու կողքին։
Ի վերջոյ, ինչպէս Իշխանը՝ Յովսէփ Արղութեան դամբանական իր խօսքին մէջ օրին պիտի ընդգծէր, եթէ Զաւարեան հանդիսացաւ «մեր ազատագրութեան խիղճը», Դուման եղաւ «մեր ազատագրութեան մարտիկը»։
Հազուադէպ պատահած է, որ ինքնասպանութիւն գործողը նման յարգանքի եւ մեծարանքի արժանանայ։ Բայց Նիկոլ Դուման իր մահուան պարագաներովն ալ ամրագրեց իր անուան շուրջ արդարօրէն հիւսուած դիւցազներգութիւնը։ Թոքախտէ հիւծած «մեր ազատագրութեան մարտիկը», ի լուր Հայ Կամաւորական Շարժման շղթայազերծման համար Թիֆլիս հաւաքուած դաշնակցական քաջարի հայդուկներուն զօրաշարժին եւ ապրելով այն անհուն տառապանքը, որ ի վիճակի չէր այլեւս իր բաժին մասնակցութիւնը բերելու հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ու ազատագրութեան օրհասական գուպարին, նախընտրեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ իր... սպառած կեանքին։
Եւ այսօր, իր ծննդեան 145րդ տարեդարձին առիթով, Նիկոլ Դումանի աւանդին
հետ առ ի հաղորդութիւն, կþարժէ կեդրոնանալ իր՝ անձով, կեանքով ու գործով շնչաւորած Պայքարի եւ Մարտունակութեան անկորնչելի պատգամին վրայ։
Շուրջ քառորդ դար հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անհաւասար ուժերով կռուի դաշտ նետուած, յեղափոխական պայքարը կազմակերպած եւ յարձակման առաջին դիրքերու վրայ անպարտելի մնացած, Նիկոլ Դուման ամէն հիմք ունէր ի վերջոյ մեր սերունդներուն պատգամելու, որ՝
«Ի՛նչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ - եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել - պէտք է լինի զէնքի ընդունակ. միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
Աւելի՛ն.
«... Ով որ կարծում է, թէ ինքնապաշտպանութեան ապահովումը կարելի է ձեռք բերել միշտ մնալով պաշտպանողական սահմաններում, նա չարաչար սխալւում է։ Պաշտպանողական սահմաններում ապահով մնալու համար հարկաւոր է, որ յարձակման ենթարկուած կողմն ընդհարման բոլոր կէտերում լինի թուով աւելի, քան հակառակորդը, որակով բարձր եւ ունենայ աւելի շատ կատարելագործուած զէնքեր ու առատ ռազմամթերք։ Բայց որովհետեւ բոլոր կէտերում անկարելի է ունենալ այդ առաւելութիւնները,- ուստի անհրաժեշտ է դառնում որոնել կռուի համար ուրիշ, աւելի նպատակայարմար գործելակերպ (տակտիկ)։ ...Պէտք է փոխարէնը (յարձակման) անպատճառ հատուցանել անյապաղ, որպէսզի նա (հակառակորդը - Ն.) չխրախուսուի անպատիժ յաղթութիւնից եւ չանի նորանոր քայլեր։ Այստեղից պարզ երեւում է, որ երկու դէպքումն էլ հակայարձակումը դառնում է հրամայական»։
Ա՛յս համոզումով էր, որ Դուման անմնացորդ նուիրուեցաւ հայու ռազմական ուժը ամուր ենթակառոյցով օժտելու եւ հզօրացնելու սուրբ գործին։
1890ականներու սկզբնաւորութեան, Թաւրիզի ու Սալմաստի մէջ, Դաշնակցութեան զինագործարանի հիմնումէն մինչեւ Երկիր անցնող՝ սահմանը կտրող հայ ֆետայիներու զինուորական պատրաստութեան գործը, Դուման առաջին քայլերը նետեց հայոց ազգային-ազատագրական շարժումը պայքարունակ կազմակերպութեամբ օժտելու ուղղութեամբ։
Նոյն տեսիլքով գործեց 90ականներու երկրորդ կիսուն, երբ իր կարգին Երկիր մտաւ։ Միշտ մեծաթիւ արշաւախումբի դրօշակիրը դարձաւ, որպէսզի ստրկացուած մեր ժողովուրդին ազգային ինքնավստահութիւնն ու ռազմունակութիւնը վերականգնէ։ Խանասորի Արշաւանքը ծնունդ առաւ Դումանի՝ հայ պետական գործիչի այդ տեսիլքէն եւ դարձակէտ կազմեց հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, որովհետեւ մէկանգամընդմիշտ շրջեց հայու անզօրութեան թաւալգլոր անկումի պատմական անիւը՝ հաստատելով, որ հակառակ պարսկական, ռուսական թէ թրքական տիրապետութեան, հայ ժողովուրդը ի վիճակի է հայրենի իր հողին վրայ պետականօրէն տանտէր կանգնելու...
Տարբեր տեսիլք չառաջնորդեց Նիկոլ Դումանի մտքերն ու քայլերը, երբ 1905¬1906ին, ողջ Անդրկովկասի տարածքին, հայ ժողովուրդին դէմ հրահրուած թուրք-թաթարական յարձակումներուն դէմ՝ Հայդուկապետը ռազմական ղեկավարը դարձաւ հայոց ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։ Ստանձնեց հրամանատարութիւնը Երեւանի նահանգի հայոց ինքնապաշտպանութեան, ուժեղ հարուածներու տակ սանձեց մոլուցքը թաթարական ամբոխին, նաեւ ու մանաւանդ՝ ցարական նենգ հրձիգութեան, որ ազգամիջեան բախումներու հրահրումով կը փորձէր իբր թէ փրկել Ցարիզմի փուլ եկող կայսերապետութիւնը։
Նիկոլ Դումանի ընտրած ռազմավարական այս ուղղութիւնը միշտ յուշարար պիտի մնայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապրող սերունդներուն համար։
Նիկոլ Դուման ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կանգնեցաւ ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը մնաց, բայց երբեք մտահան չըրաւ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ պատգամեց, թէ՝
Սեփական կեանքն ու ինչքը, հայրենի հողն ու ազգային իրաւունքը ամէն կարգի թշնամիներու յարձակապաշտութեան դէմ պաշտպանելու համար, ամէն պարագայի նախայարձակ ըլլալ պէտք է, որպէսզի ոչ մէկ թշնամի կամ հակառակորդ Հայաստանն ու հա- յութիւնը ոտնակոխելու եւ անպատիժ մնալու յաւակնութիւնը սնուցանէ։


Ն.